ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւններու վարիչ մարմիններու խորհրդաժողով

By Asbarez | Tuesday, 15 November 2016

1115ayf

ԵՐԵՒԱՆ.– ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, 10-12 Նոյեմբեր 2016ին Երեւանի ՀՅԴ <<Արամ Մանուկեան>> երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու Վարիչ մարմիններու համահայկական խորհրդաժողով՝ մասնակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան եւ Արեւելեան շրջաններու, Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Կիպրոսի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրանի Հիւսիսային եւ Հարաւային շրջաններու, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Արցախի եւ Հայաստանի վարիչ մարմիններու 27 ներկայացուցիչներու:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան, որ կարեւոր նկատեց նոր սերունդի հայրենասիրական դաստիարակութիւնը՝ շեշտը դնելով դաստիարակչական միասնական ծրագիրի մշակման եւ հմուտ ու բանիմաց վարիչներու պատրաստութեան անհրաժեշտութեան վրայ:

Եռօրեայ քննարկումներուն ընթացքին խորհրդաժողովի մասնակիցները նախ ունկնդրեցին շր-ջաններու պատանեկան միութիւններու իրավիճակին, տարուած աշխատանքներուն եւ դժուարութիւններուն վերաբերող զեկոյցներ։

Այնուհետեւ տեղի ունեցան քն-նարկումներ առկայ ընդհանուր իրավիճակին, կազմակերպական ու մեթոտական հարցերուն եւ մարտահրաւէրներուն շուրջ, եւ համապատասխան վերլուծութիւններուն իբրեւ արդիւնք եղան բազմաթիւ տեսակէտներ ու ա-ռաջարկներ պատանեկան միութիւններուն առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման եւ աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան բարձրացման վերաբերեալ:

Խորհրդաժողովը ընդգծեց միութիւններուն միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման եւ միասնական ծրագիրներու մշակման ու գործադրութեան կարեւորութիւնը: Առաջարկուեցաւ կազմակերպել վարիչներու պատրաստութեան դպրոց, պատանեկան համահահայկական բանակում եւ աւելի յաճախակի դարձնել նմանատիպ խորհրդաժողովներու գումարումը՝ միտքեր ու փորձառութիւններ փոխանակելու եւ նոր ծրագիրներ մշակելու նպատակով:

Յատուկ կերպով շեշտը դրուեցաւ Հայաստանի Պատանեկան Միութեան կազմակերպական կարողութիւններու հզօրացման եւ այդ նպատակով ուժերու կեդրոնացման անհրաժեշտութեան վրայ:

Ձեւաւորուեցան շարք մը մեքանիզմներ, որոնց գործարկումը կարելիութիւն պիտի տայ խթանելու միութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնն ու փոխօգնութիւնը, բարելաւելու պատանեկան միութիւններու կազմակերպական մակարդակը ու խորացնելու դաստիարակչական աշխատանքներուն ազդեցութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը:

Խորհրդաժողովը կայացաւ գործնական ու ջերմ մթնոլորտի մէջ:

 


comments