By Asbarez | Thursday, 17 November 2016

ԵՐԵՒԱՆ.– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կ՛առաջարկէ աստիճանացոյց սահմանել, որպէսզի առաջարկուող՝ զոհուած կամ վիրաւոր զինուորներու ընտանիքներուն յատկացնելու համար, աշխատավարձերէն 1000ական դրամ գանձելու օրինագիծը, հաւասարաբար չկիրարկուի բոլորին նկատմամբ:
Խորհրդարանին մէջ այս հարցի քննարկման ընթացքին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան յայտարարած է, որ ճիշդ է, թէ կայ վստահութեան խնդիր, անցեալի արատները չկրկնելու խնդիր, բայց պէտք է տեղէ մը սկսիլ:
«Ինչո՞ւ այս նախագիծը հէնց այդ առիթներից մէկը չէ: Ամէն ինչից խօսելու փոխարէն՝ աւելի ճիշդ չէ՞ բարելաւել օրէնքը, վստահութեան մթնոլորտ ձեւաւորել: Սանդղակ սահմանելու սկզբունքին կողմ ենք», ըսած է ան եւ 7 հիմնական առաջարկ ներկայացուցած.
«1. Տարբերակները կարելի է քննարկել: Օրինակ՝ նուազագոյն աշխատավարձից բարձր, բայց մինչեւ 100 հազար վարձատրութեան դէպքում՝ 500 դրամ, 100ից 200 հազարի դէպքում՝ 1000 դրամ, 200ից 500 հազարի պարագայում՝ 2000 դրամ, 500 հազարից բարձր՝ 5000 դրամ:
Հարցին գծով խորհրդարանական քննարկումներուն անդրադառնալով՝ Աղուան Վարդանեան նկատել տուած է. «Ամէն ինչից կարելի է խօսել, դժգոհել, բողոքել, շահարկել, ամբոխավարութիւն անել: Լեզուն ոսկոր չունի, մանաւանդ ընտրութիւններ են մօտենում, պատասխանատուութեան զգացումը կարծես հեռանում է այս դահլիճից, տնաւորւում է խօսքի ու գործի հակասականութիւնը»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ