Նալբանդեան Սուրիահայութեան օգնելու ջանքերը ներկայացուցած է Ռուսիոյ խորհրդարանականներուն

By Asbarez | Saturday, 19 November 2016

1119nalbandian

ԵՐԵՒԱՆ - 18 Նոյեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունած է Ռուսիոյ  Դաշնակցային խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Կոնստանթին Քոսաչեւի գլխաւորած ներկայացուցչական խորհրդարանական պատուիրակութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան վրայ հիմնուած հայ-ռուսական դաշնակցային ռազմավարական յարաբերութիւններուն, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ռուս խորհրդարանականներուն հետ հանգամանալից կերպով քննարկած է երկու խորհրդարաններուն միջեւ սերտ համագործակցութեան լայն շրջանակի հարցեր, միտքեր փոխանակուած են միջազգային կազմակերպութիւններու խորհրդարանական ձեւաչափերով փոխգործակցութեան շուրջ:

Անդրադարձ կատարուած է Մերձաւոր Արեւելքի, յատկապէս Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին, ճգնաժամէն դուրս գալու կարելի ուղիներուն:

Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է սուրիահայութեան եւ անոնց աջակցելու նպատակով Հայաստանի ի գործ դրած ջանքերուն:

Նախարար Նալբանդեան անդրադարձած է Ապրիլին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծուած լայնածաւալ յարձակումներուն իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակին՝ շեշտելով, որ Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի գագաթնաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւնները պէտք է անպայման գործադրուին։

Հիւրերուն խնդրանքով՝ նախարարը ներկայացուցած է Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութիւնը:

Էդուարդ Նալբանդեան անդրադարձած  է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն եւ պատասխանած հիւրերուն բազմաթիւ հարցումներուն։

 



comments