Նոր Մանկապարտէզ՝ Ախալքալաքի Վաչիան Գիւղի Մէջ

By Asbarez | Monday, 28 November 2011

ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ախալցխա.Նե»չ.- Նոյեմբեր 23ին Ախալքալաքի Վաչիան գիւղի մէջ բացուեցաւ նորակառոյց մանկապարտէզ մը: Վերջապէս կատարուեցաւ վաչիանցիներու երազանքը‘ գիւղը ունեցաւ մանկապարտէզ, կը յայտնէ «Ախալցխա» կայքը:

Մանկապարտէզը կառուցուած է ծնունդով վաչիանցի, մոսկուաբնակ բարերար Լիովա Մանուկեանի բարեգործութեամբ: Ան իր հայրական օճախը յաւերժ պահելու նպատակով, հօր մահէն ետք կ՛որոշէ հայրական տունը դարձնել մանկապարտէզ:

Նորաբաց մանկապարտէզին իր օրհնութիւնը բերած է æաւախքի ընդանուր առաջնորդական փոխանորդ Տէր Բաբգէն աբեղայ Սալպեան:

Վաչիան գիւղի նորակառոյց մանկապարտէզը նախատեսուած է մօտ 100 երեխայի համար, այսօր ունի 17 աշխատող եւ կը հովանաւորուի Ախալքալաքի քաղաքապետարանին կողմէ:

comments