By Asbarez | Thursday, 24 November 2016
ԵՐԵՒԱՆ - <<Տաշիր>> բարեսիրական հիմնադրամն ու Կարապետեաններու ընտանիքը իր ծրագիրներուն մէջ պարբերաբար կը ներգրաւէ նաեւ ջաւախքցի մեր հայրենակիցները: Միայն վերջին երեք տարիներուն պարգեւատրուած են ծնունդով ջաւախքցի, Հայաստանի մէջ ուսանող 100է աւելի բարձր յառաջդիմութիւն ունեցող ուսանողներ, Ջաւախքի մէջ աշխատող քանի մը տասնեակ հայ ուսուցիչներ, ընդունուած են նաեւ Հայաստանի մէջ ուսանող ջաւախքցի բազմաթիւ ուսանողներու կրթաթոշակներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու խնդրանք-նամակները, քանիցս աջակցութիւն ցուցաբերուած է æաւախքի մէջ Տէրեանական օրերու կայացման նախաձեռնութիւններուն։
Հերթական ծրագիրի ծիրին մէջ այս օրերուն, ծնունդով ջաւախքցի, Հայաստանի մէջ ուսանող 15 ուսանողներ եւս, կրթաթոշակի նպատակներով, ստացան 150 հազարական դրամ գումար <<Տաշիր>> բարեսիրական հիմնադրամին կողմէ: Նման խնդրանքով հիմնադրամին դիմած էր <<Ջաւախք>> հայրենակցական-բարեգործական կազմակերպութեան նախագահ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Շիրակ Թորոսեան:
Աւելի՛ն, հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Կարէն Կարապետեանի որոշու-մով, Հայաստանի մէջ ուսանող ջաւախքցի 200 ուսանողներ Յունուարին պիտի ներառուին երիտասարդներու ծաղկաձորեան եռօրեայ հանգիստի արդէն աւանդական դարձած ծրագիրին մէջ: Յիշեցնենք, որ այդ ծրագիրի ծիրին մէջ Դեկտեմբերին երկու փուլով Ծաղկաձորի մէջ իրենց եռօրեայ հաւաք-հանգիստը անցուցած են լոռեցի 400 ուսանողներ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ