Հայաստանի վարչապետին վարկանիշը աւելի բարձր է, քան՝ նախագահինը

By Asbarez | Thursday, 24 November 2016

1124serj

ԵՐԵՒԱՆ, <<Առաւօտ>> - <<Կոլլափ>> միջազգային կազմակերպութեան հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէն Արամ Նաւասարդեան <<Զարկերակ>> մամլոյ ակումբին մէջ ներկայացուցած է իրենց կատարած ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները: Ան տեղեկացուցած է, որ ուղղուած են դէմ առ դէմ հարցումներ 1104 հոգիի, 2-16 Նոյեմբերին: Հարցախոյզը կատարուած է ներկայացուցչական ընտրանքով: Ըստ այդմ՝ Հայաստանի քաղաքացիներուն 33.2 տոկոսը Հայաստանի տնտեսութեան վիճակը <<շատ վատ>> կը նկատէ, 1.2 տոկոսը՝ <<լաւ>>։ Այս մասին կը գրէ Տաթեւ Յարութիւնեան։

Հարցախոյզին մասնակցած անձերուն 14.9 տոկոսը լիովին համաձայնութիւն կու տայ Հայաստանի նախագահին գործունէութեան, 23 տոկոսը դրական կը նկատէ վարչապետին գործունէութիւնը, Ազգային ժողովը այս առումով արձանագրած է ամէնէն ցած արդիւնքները՝ 10.4 տոկոս:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ փաստօրէն Հայաստանի մէջ վարչապետին վարկանիշը աւելի բարձր է, քան նախագահինը՝ Նաւասարդեան ըսած է. <<Փաստն այն է, որ միշտ նախագահի ինստիտուտն էր առաւելագոյն ցուցանիշ գրանցում, այս հարցման դէպքում կառավարութիւնն է գրանցել աւելի բարձր ցուցանիշներ: Միշտ ձայները բաշխւում էին նախագահ, կառավարութիւն, Ազգային ժողովի աշխատանք հերթականութեամբ: Բայց այս փուլում ստացուել է այնպէս, որ կառավարութեան աշխատանքը շատ աւելի է գնահատուել, քան նախագահինը>>:

Հարցախոյզին ընթացքին՝ պատասխանելով այն հարցումին թէ ի՞նչ կը մտածէք Կարէն Կարապետեանին՝ վարչապետի պաշտօնը յանձնելու որոշման մասին՝ Ա. Նաւասարդեան տեղեկացուցած է. <<57.2 տոկոսն <<աւելի շուտ դրական>> եւ 28 տոկոսը <<լիովին դրական>> է համարում այս որոշումը: Փաստօրէն, 86.1 տոկոսն այս հարցով դրական վերաբերմունք է արտայայտել: ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գործելաոճը 3.7 տոկոսը գնահատել է <<աւելի շուտ բացասական>>, 56.2 տոկոսը <<աւելի շուտ դրական>>, 28.9 տոկոսը <<լիովին դրական>>:

 

1124garen

Արամ Նաւասարդեան, այս ցուցանիշը համեմատելով նախորդ տարիներուն արձանագրուածներուն հետ, նշած է. <<85.1 տոկոսը, ընդհանուր առմամբ, դրական է գնահատում Կարէն Կարապետեանի գործելաոճը: Սա վերջին տարիներին մեր հարցումների ժամանակ ստացուած ամենաբարձր ցուցանիշն է վարչապետի գործունէութեան վերաբերեալ>>:

Հարցումներ ուղղուած են նաեւ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ կուսակցութիւններու վարկանիշին առնչ-ուած: Մասնակիցներուն 62.2 տոկոսը պիտի մասնակցի խորհրդարանական ընտրութիւններին, եթէ անոնք կազմակերպուէին յառաջիկայ Կիրակի օրը: Իսկ թէ ո՛ր կուսակցութեան պիտի տային իրենց քուէն, ապա պատասխանները ստացած են հետեւեալ պատկերը. Քաղաքացիական պայմանագիր (ՔՊ)՝ 2.4 տոկոս, Նոր Հայաստան՝ 1.9, Համախմբում՝  0.1, ՀՀԿ՝ 19.5, Հայկական վերածնունդ՝ 1.2,  Հայ ժողովրդավար կուսակցութիւն՝ 0.5, ՀՅԴ՝ 3.4, ՀԱԿ՝ 1.4, Լուսաւոր Հայաստան՝ 0.8, Ժառանգութիւն՝ 3, ԲՀԿ՝ 18.4, Ալեանս՝ 0.5, Ազատ դեմոկրատներ՝ 0.3 տոկոս:

Արամ Նաւասարդեանի համաձայն՝ Երեւանի մէջ առաջատար է ՀՀԿն, իսկ մարզերուն մէջ՝ ԲՀԿն: Իսկ թէ ո՛ր կուսակցութիւնները կը նկատուին ընդդիմադիր՝ 3.6 տոկոսը այդպէս կը նկատէ Նոր Հայաստանը, 2.5 տոկոսը՝ Քաղաքացիական պայմանագիրը, 3.2ը՝ ՀԱԿը, 3.1ը՝ Ժառանգութիւնը:

Հանրութեան մօտ ամէնէն ընդ-դիմադիր գործիչները կը հանդիսանան Ժիրայր Սեֆիլեան, Նիկոլ Փաշինեան եւ Զարուհի Փոստանջեան՝ 3.7 միաւորով, յաջորդաբար, 3.2 միաւորով, Րաֆֆի Յովհաննիսեան եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, 3.1 միաւորով՝ Հրանտ Բագրատեան ու Նայիրա Զոհրաբեան, 3 միաւորով՝ Լեւոն Զուրաբեան, 1.9 միաւոր ստացած է Ռոբերտ Քոչարեան:

Հարցախոյզի մասնակիցներուն 91 տոկոսը նշած է, որ տեղեակ է  Յուլիսին  <<Սասնայ ծռեր>>ու կողմէ Պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքի գրաւման մասին: 46 տոկոսը այդ քայլին պատճառը կը նկատէ երկրին մէջ տիրող անարդարութեան մթնոլորտը, 41 տոկոսը՝ ընկերային-տնտեսական ծանր իրավիճակը, 32 տոկոսը՝ իշխանափոխութիւն կատարելու այլընտրանքի բացակայութիւնը, 21 տոկոսը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ ոչ հայանպաստ լուծումներու կանխատեսումը: 10 տոկոսը նշած է, որ ատիկա արտաքին ուժերուն կողմէ կատարուած պատուէր էր: Հանրութեան միայն 8.4 տոկոսը պատասխանած է այն հարցումին, որ արդեօք անձամբ մասնակցած է ՊՊԾ գունդի գրաւման յաջորդած ցոյցերուն, 91 տոկոսը բացասական պատասխան տուած է: Հարցախոյզի մասնակիցներուն 7.5 տոկոսին համաձայն՝ կարելի է իշխանափոխութիւն կատարել զինուած յարձակման միջոցով, 20 տոկոսին՝ խաղաղ ցոյցերու, 25.1ին՝ հզօր եւ ներկայացուցչական ընդդիմութեան, 59.6 տոկոսին՝ արդար ընտրութիւններու միջոցով:

 

 



comments