Շուշիի Առանձնակի Գումարտակի Ազատամարտիկները Պարգեւատրուեցան

By Asbarez | Tuesday, 29 November 2016

 

1129shoushi2

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Ապառաժ>> - Շուշիի առանձնակի գումարտակի կազմաւորման 25րդ տարեդարձին առիթով տեղի ունեցող հանդիսաւոր ձեռնարկներու ծիրին մէջ 26 Նոյեմբերին Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց գումարտակի շարք մը ազատամարտիկնր: Ներկայ էին Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեան, պաշտապնութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան, սպաներ եւ այլ պաշտօնատարրեր: Պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեան մաս-նակցեցան ՀՅԴ Արցախի կառոյցի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, պատգամաւորներ, ՀՕՄականներ, ինչպէս նաեւ կուսակցականներ:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան համար մղուած մարտերուն ընթացքին ցուցաբերած արիութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի կազմաւորման 25րդ տարեդարձին առիթով՝ Կարէն Անտոնեան, Սանասար Ասատրեան, Գէորգ Բարսումեան, Ֆելիքս Գրիգորեան, Տիգրան Դաւթեան, Արամ Յակոբջանեան, Արտաշէս Յակոբեան, Սամուէլ Յակոբեան, Սարգիս Յարութիւնեան եւ Անդրանիկ Ներսիսեան պարգեւատրուեցան <<Մարտական ծառայութիւն>> մետալով:

Արտաշէս Մխիթարեան ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ազատամարտիկներու յանձնախումբին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց եւ վստահեցուց, որ նախկին ազատամարտիկներն ու կամաւորները այսուհետեւ պիտի շարունակեն մեր հայրենիքի պաշտպանութեան գործը եւ հաւաստիացուց, որ հակառակորդին կողմէ որեւէ ոտնաձգութեան պարագային դաշնակցական վեթերաններն ու երիտասարդները պատրաստ պիտի ըլլան ծառայելու հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին:

Նախագահ Բակօ Սահակեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Արցախի պաշտպանութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովելու գործին մասնակցած են եւ պիտի մասնակցին հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածները ներկայացնող մեր քոյրերն ու եղբայրները: Ան նաեւ շեշտեց, որ ազատ, անկախ եւ հզօր հայրենիքը բոլորիս համար գերագոյն արժէք է, հետեւաբար ամէն ջանք պիտի գործադրուի մեր բանակի մարտունակութեան շարունակական բարձրացման եւ երկրի զարգացման ու հզօրացման ուղղութեամբ:

Առաջին անգամ պետական պարգեւի արժանացող Հրազդանցի Արտաշէս Յակոբեան նշեց, թէ երբեք չէր ակնկալած որեւէ մրցանակ, սակայն պարգեւի արժանանալը թէ՛ պատասխանատուութիւն է եւ թէ մեծ հաճոյք։

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement