Պիտի ստեղծուի ռազմավարական նախաձեռնութիւններու կեդրոն

By Aztag Daily | Saturday, 03 December 2016

Կառավարութիւնը պիտի ստեղծէ ռազմավարական նախաձեռնութիւններու կեդրոն: Ըստ վարչապետին, անիկա պիտի ըլլայ կառավարութեան կից ու պիտի գործէ հանրային-մասնաւոր գործընկերութեան ձեւաչափով:

Կեդրոնի հիմնական գործառոյթը պիտի ըլլայ կառավարութեան համար երկարաժամկէտ ռազմավարութեան ու տարբեր գերակայ ուղղութիւններով երկարաժամկէտ բարեփոխումներու հայեցակարգերու ու թղթածրարներու մշակումը:

Ըստ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի, այդ փաստաթուղթերը ստացած են տարբեր անուանումներ` ռազմավարութիւն, զարգացման ծրագիր, հայեցակարգ, բարեփոխումներու թղթածրար եւ այլն: Իրաւական տեսանկիւնէ գործող կարգավիճակով այսօր ռազմավարութիւն եւ բարեփոխումներու հայեցակարգերու շարքին մէջ առկայ են այնպիսիներ, որոնց ուղղութեամբ փաստացի աշխատանքներ չեն կատարուիր ներկայիս: Քանի որ անոնք թերեւս չեն համապատասխաներ ժամանակի հրամայականին ու պահանջներուն եւ կամ այլ պատճառներով:

Ասկէ մեկնելով` Կարէն Կարապետեան բոլոր նախարարութիւններուն յանձնարարած է մէկ շաբաթէն կառավարութեան աշխատակազմին ներկայացնել այդպիսի ռազմավարութիւններ ու բարեփոխումներու հայեցակարգեր:


comments