Հայաստանի վարչապետը ընդունած է միջազգային նուիրատու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները

By Asbarez | Saturday, 03 December 2016

1203donors

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան 2 Դեկտեմբերին ընդունած է միջազգային շարք մը նուիրատու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Գործադիրի ղեկավարը կարեւոր նկատած է նման ձեւաչափով հանդիպումները եւ շնորհակալութիւն յայտնած համագործակցութեան համար՝ հաստատելով, որ կառավարութիւնը շահագրգռուած է բարձրացնելով նուիրատու կազմակերպութիւններուն հետ աշխատանքներու արդիւնաւէտութիւնը եւ կ՛ուզէ քննարկում ծաւալել 3 հիմնական հարցի շուրջ:

<<Առաջին. մենք նախաձեռնել ենք Ծրագրերի իրականացման գրասենեակները՝ ԾԻԳերն օպտիմալացնելու գործընթաց: Մենք արդէն լուծարել ենք 5ը եւ ներկայում սկսում ենք օպտիմալացման յաջորդ փուլը: Ուզում ենք ձեզ հետ այս հարցի շուրջ բանակցել եւ բացատրել մեր նպատակը. մենք ուզում ենք աշխատանքը դարձնել աւելի արդիւնաւէտ, հաստատուն ծախսերն՝ աւելի պակաս:

Երկրորդ. վարկեր, վարկային ծրագրեր, դրանց առաջնահերթութիւնները: Դուք գիտէք, որ մեր արտաքին պարտքի չափը բաւական բարձր է, եւ մենք ուզում ենք ձեզ հետ քննարկել ու հաստատել այն առաջնահերթութիւնները, այն խաղի կանոնները, որով հետագայում առնչուելու ենք վարկերի հետ եւ ընտրութիւն ենք կատարելու, թէ որ վարկային ծրագիրն ենք համարելու առաջնահերթ եւ որ ծրագրերն ենք ֆինանսաւորելու:

Երրորդ. մինչեւ տարեվերջ՝ մօտ օրերս, մենք ստեղծելու ենք Ռազմավարական նախաձեռնութիւնների կենտրոն կամ, այլ կերպ ասած, բարեփոխումների կենտրոն, որի շրջանակում նախատեսում ենք համագործակցել մաքսիմալ շահագրգռուած ուժերի, այդ թւում՝ մասնաւոր հատուածի հետ եւ քննարկել՝ ուր ենք գնալու եւ ուր ենք տանելու մեր երկիրը: Քննարկել բոլոր նախաձեռնութիւնները, ստրատեգիաները, ռեֆորմները, ըստ ոլորտների, երկարաժամկէտ, կարճաժամկէտ, որպէսզի յստակ հասկանանք՝ որ ուղղութեամբ պէտք է շարժենք մեր տնտեսութիւնը>>, ըսած է Կարէն Կարապետեան՝ աւելցնելով, որ միջազգային նուիրատու կազմակերպութիւններէն կ՛ակնկալէ համագործակցութիւն ու աջակցութիւն այս գործընթացներուն մէջ:  Այնուհետեւ Հայաստանի պատասխանատու նախարարներու եւ միջազգային նուիրատու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ քննարկուած են Հայաստանի վարչապետին նախանշած հարցերու ծիրին մէջ համագործակցութեան առաջնահերթութիւնները, միացեալ ծրագիրներն ու ապագայի աշխատանքները:

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement