Գիտութեան եւ Կրթութեան Նախարարութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ Արեւմտահայերէնի զարգացման կեդրոնի ստեղծումը 

By Asbarez | Friday, 09 December 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան յայտնած է, որ անհրաժեշտ է արեւմտահայերէնի զարգացման կեդրոնի ստեղծումը՝ դիտել տալով. <<Լեզուն կորսուած հայրենիքի պահպանման մի դրուագն է>>:

Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի արեւմտահայերէնի դասապահերը բաւարար չեն. արաբական երկիրներէ Հայաստան եկած շուրջ 16 հազար հայեր կրթական համակարգին մէջ ներգրաւուելու խնդիր ունին:

<<Պատասխանատուութիւնը մեզ վրայ է, պետութիւնը պատասխանատուութիւն ունի համայն հայութեան առջեւ: Տեսնենք. համապատասխան ֆինանսական աղբիւրներ գտնելու դէպքում գուցէ աւագ դպրոցի նման մի կառոյց ստեղծենք>>, ըսած է նախարար Լեւոն Մկրտչեան՝ աւելցնելով, որ արդէն նախարարութիւնը ներդրող գտած է Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնի դպրոցին համար:

Ապագային նախարարութիւնը կ՛ուզէ վերափոխել զայն ու դարձնել երկլեզու մշակութային կեդրոն (արեւմտահայերէն ու արեւելահայերէն)։

<<Նման կենտրոնը շատ կարեւոր է նաեւ Հայաստանում սփիւռքահայ ուսուցիչների վերապատրաստման համար՝ արդէն արեւմտահայերէնի ու հայոց լեզուի դասական ուղղագրութեան հիման վրայ: Այդ ուղղագրութիւնը պահպանելը մեր պարտականութիւնն է>>, շեշտած է նախարարը:

 

comments