Սերժ Սարգսեան Արցախ եւ սահմանագիծ կ՛այցելէ

By Asbarez | Friday, 09 December 2016

1209serj

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 8 Դեկտեմբերին աշխատանքային այցելութիւն կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն:

Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ ան դիմաւորուած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօր. Լեւոն Մնացականեանի եւ այլ բարձրաստիճան սպաներու կողմէ:

Հայաստանի նախագահին այցելութեան առաջին օրը, հայկական երկու հանրապետութիւններուն ղեկավարները Լեռնային Ղարաբաղի Կեդրոնական շրջանի հարաւարեւելեան զօրամասերէն մէկուն մէջ ներկայ գտնուած են նոր զօրանոցի բացման արարողութեան: Սարգսեան ծանօթացած է զօրամասի մարտական պատրաստականութեան, լսած հրամանատարութեան զեկոյցը, զրուցած զինուորներուն հետ, ապա ճաշած է անոնց հետ։

Նախագահ Սարգսեան խրախուսած է ծառայութեան ընթացքին ուշադրութիւն գրաւած շարք մը  զինուորներ: Այնուհետեւ, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ ռազմական համագործակցութեան ծիրին մէջ պաշտպանութեան բանակի հրամանատարական կազմին հետ կայացած է խորհրդակցութիւն՝ բարձրաստիճան զինուորականներու մասնակցութեամբ: Քննարկուած են բանակաշինութեան վերաբերող հարցեր: Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարը երկու երկիրներու նախագահներուն ներկայացուցած է վերջին ամիսներուն սահմանագիծին մէջ կատարուած աշխատանքներն ու յառաջիկային կատարուելիքները: Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են նաեւ բանակը սպառազինութեամբ եւ նոր արհեստագիտութեան համալրելուն առնչուող հարցեր:

 


comments