By Asbarez | Tuesday, 13 December 2016
Միութենական շուրջ երեք քառորդ դարու գործունէութեամբ բեռնաւորուած, Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6ին կեանքէն հեռացաւ բազմավաստակ ՀՄԸՄական Բիւզանդ Թորիկեան: Ան ծնած էր Հալէպ, 1932ին եւ փոքր տարիքէն փոխադրուած էր Լիբանան: 1943էն մաս կազմած է ՀՄԸՄին, որուն սփիւռքեան գործունէութեան երկրորդ սերունդի ամէնէն կարկառուն դէմքերէն մէկը կը նկատուի: Իր նախասիրութիւնը եղած է աթլեթիզմը: Ան տիրացած է աթլեթիզմի միջազգային իրաւարարի տիտղոսին: Իբրեւ ՀՄԸՄի ներկայացուցիչ, 1965ին եղած է լիբանանեան Աթլեթիզմի դաշնակցութեան հիմնադիր անդամներէն մէկը: 1969ին, Բիւզանդ Թորիկեան ընտրուած է անդամ ՀՄԸՄի Միջին Արեւելքի Շրջանային վարչութեան: Մինչեւ 1974 մաս կազմելէ ետք Միջին Արեւելքի Շրջանային վարչութեան, նոյն տարին, ՀՄԸՄի Պատգամաւորական առաջին ընդհանուր ժողովին, ան կ՛ընտրուի ՀՄԸՄի անդրանիկ Կեդրոնական վարչութեան անդամ: Կը վերընտրուի 1979ին եւ 1983ին: Այսպէս, ան ՀՄԸՄի համագաղութային բարձրագոյն մարմիններուն մաս կը կազմէ 1969էն 1987՝ 18 տարի անընդմէջ: 1999ին, չորս տարուան համար, ան դարձեալ կ՛ընտրուի ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ կը վարէ միութեան ատենապետի պաշտօնը: 1990ականներու սկիզբը, Բիւզանդ Թորիկեան կը լծուի ՀՄԸՄի հայանուէր գործունէութեան պատմագրութեան աշխատանքին եւ չորս հատորով կը հրատարակէ միութեան պատմութիւնը՝ նախահիմնադրութեան հանգրուանէն մինչեւ 21րդ դարու սկիզբը: <<Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Պատմութիւն>> խորագրեալ իր ստուար աշխատասիրութիւնները լոյս կը տեսնեն 1995ին, 1999ին, 2003ին եւ 2007ին: Վերջին տարիներուն, Բիւզանդ Թորիկեան կը ձեռնարկէ ՀՄԸՄի թանգարանի յուշամատեան-ալպոմի պատրաստութեան: Աշխատանքը գրեթէ հասած է աւարտին եւ հրատարակութեան կը ներկայանայ ՀՄԸՄի 100ամեակին առիթով: Ան յաճախ հանդէս եկած է բանախօսութիւններով եւ միութեան <<Մարզիկ>> պաշտօնաթերթին աշխատակցութիւններով: Երկար տարիներ մաս կազմած է <<Մարզիկ>>ի խմբագրական եւ վարչական կազմերուն: 2004ին, արժանացած է ՀՄԸՄի բարձրագոյն՝ <<Արժանեաց>> շքանշանին: Բիւզանդ Թորիկեանի մահով ՀՄԸՄ կը կորսնցնէ բազմավաստակ անդամ մը, որուն բովանդակ կեանքը հայ մարմնակրթական շարժումին ճամբով բոլորանուէր ծառայութիւն մը եղաւ հայութեան եւ Հայաստանին:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ