By Asbarez | Friday, 16 December 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան 15 Դեկտեմբերին ընդունած է Հայաստանի մէջ տարբեր ոլորտներ ներկայացնող խումբ մը սուրիահայ գործարարներ՝ զանոնք յուզող հարցերը լսելու եւ լուծման տարբերակները քննարկելու նպատակով:
Սուրիահայ գործարարները յատուկ կերպով անդրադարձած են տնտեսական համարկման խնդիրներով զբաղելու համար ստեղծուած <<Սուրիահայերու միութիւն>> հասարակական կազմակերպութեան գործունէութեան, տեղական արտադրութեան խթանման ու արտածման, վարկաւորման, օրէնսդրական դաշտին վերաբերող, ինչպէս նաեւ այլ հարցեր:
<<Մենք ամէն ինչով աջակցելու ենք բոլոր այն ծրագրերին, որոնք ուղղուած կը լինեն սիրիահայերի՝ Հայաստանում մնալուն: Դուք իրականում մշակոյթ էք փոխել Երեւանում, բիզնեսի, ծառայութիւնների ոլորտում, եւ ձեր կայացումը մեզ համար չափազանց կարեւոր է>>, հաստատած է Կարէն Կարապետեան:
Կառավարութեան ղեկավարը նշած է, որ պետութիւնը պատրաստ է օժանդակութիւն ցուցաբերելու սուրիահայ գործարարներուն՝ յորդորելով զանոնք իրենց գործարարական ծրագիրներն ու առաջարկները ներկայացնել Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութիւն: Մատնանշուած շարք մը հարցերու առնչութեամբ վարչապետը յանձնարարականներ տուած է համապատասխան գերատեսչութիւններուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է սուրիահայ գործարարներուն հետ քննարկել անոնց գործարարութեան զարգացման վերաբերող որեւէ առաջարկ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ