Վարչապետը արտածող եւ ներածող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ քննարկած է ոլորտի խնդիրները

By Asbarez | Tuesday, 20 December 2016

1220varchabed

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան 19 Դեկտեմբերին կառավարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի 10 ներածող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, լսած անոնց գործունէութեան առնչուող խնդիրները եւ կառավարութենէն ակնկալուող այն քայլերը, որոնք բարենպաստ պայմաններ պիտի ստեղծեն հետագայ գործունէութեան համար:

Տնտեսվարողները յատկապէս նշած են, որ վերջին ժամանակաշրջանին փաստաթղթաշրջանառութեան, որոնց կարգին մաքսային ձեւակերպումներուն առնչուող հարցերուն կը տրուին գործնական լուծումներ: Որպէս խնդիր, անոնք առանձնացուցած են բեռնափոխադրումներու առնչուած հարցը, որ պայմանաւորուած է անբարենպաստ եղանակի իբրեւ հետեւանք Վերին Լարսի մէջ ստեղծած իրավիճակով:

Կարէն Կարապետեան տեղեկացուցած է, որ կառավարութիւնը ներկայիս քայլերու կը ձեռնարկէ փոխադրութեան նոր ձեւեր մշակելու եւ Վերին Լարսի ճամբու այլընտրանքային տարբերակներ գտնելու ու տնտեսվարողներուն առաջարկելու ուղղութեամբ՝ նշելով, որ անոնք կարելիութիւն պիտի տան թէ՛ ներածումը եւ թէ արտածումը կազմակերպելու աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ եւ կանխատեսելի ժամանակահատուածին:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ մեծ ներածող կազմակերպութիւններու գործունէութեան վերաբերող այլ հարցեր, որոնց կարգին՝ ներածող որոշ ապրանքատեսակներու արտադրութիւնը Հայաստանի մէջ կազմակերպելու կարելիութիւնը:

Նշենք, որ օրեր առաջ վարչապետը հանդիպում ունեցած է նաեւ Հայաստանի 10 մեծ արտադրող-արտածող ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու հետ եւ նշած, որ արտածման խթանման համար կառավարութիւնը կը նախատեսէ ձեռնարկութիւններու նկատմամբ ցուցաբերել գործօն աջակցութիւն: Մասնաւորապէս, ոլորտին մէջ կը նախատեսուի մնայուն դիտարկման ենթարկել արտածումը կարգաւորող իրաւական սկզբունքները, բացայայտել եւ վերացնել վարչարարութեան խոչընդոտները: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ոլորտին վերաբերուող շարք մը հարցեր, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի մէջ արտադրուած ապրանքներուն արտաքին շուկաներու մէջ սպառման առնչուած։  Կարեւոր նկատուած է մաքսային վարչարարութեան ընթացակարգերու պարզեցման մեքանիզմներու մշակումն ու անոնցմէ բխող գործառոյթներու իրականացումը:

Վարչապետը շեշտած է, որ կառավարութիւնը հետեւողական պիտի ըլլայ բարձրացուած խնդիրներու լուծման գծով, քանի որ չափազանց կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի մէջ արտածման միտող արտադրական ընկերութիւններուն գործունէութիւնը:

 



comments