By Aztag Daily | Saturday, 24 December 2016

22 դեկտեմբերին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` անդրադառնալով ՀԱԿ-ի համագումարին Լեւոն Տէր Պետրոսեանին ելոյթին, ըսած է, որ Տէր Պետրոսեանի առաջարկածը նորութիւն չէ Դաշնակցութեան համար` աւելցնելով, որ եթէ այդ հայեցակարգը գործէր, մենք այսօր ո՛չ Ղարաբաղ կ՛ունենայինք, ոչ ալ` Հայաստան:
<<Այդ հայեցակարգը եթէ կարճ ձեւակերպենք, կրնանք ըսել, թէ խաղաղութիւն մուրալու հայեցակարգ է, իսկ մենք բոլորս` նկատի ունենալով մեր երկու դրացիներու նկրտումներն ու ռազմավարական շահերը, անոնցմէ խաղաղութիւն չենք մուրար: Խաղաղութիւնը կը նուաճեն եւ կը պարտադրեն, ա՛յս է, որ կատարած է հայ ժողովուրդը: Այս պարզ ճշմարտութիւնը պարոն Տէր Պետրոսեանը կը շարունակէ չընդունիլ, եւ իրեն կը թուի, թէ 18 տարին բաւարար էր, որ վերահաստատէր իր նախկին թէզերը: Լաւ է, որ ինք ամփոփ կերպով նշած է, որ մենք ոչինչ կը ստանանք, սկուտեղի վրայ մեր արեան գնով ձեռք բերուած բոլոր տարածքները կը վերադարձնենք եւ կարգավիճակի հարցը կը ձգենք ապագային>>, ըսած է Արմէն Ռուստամեան:
<<Տէր Պետրոսեանը շատ կը խօսի փոխզիջումներու մասին: Ի՞նչ է Ազրպէյճանի զիջումը… ի՞նչ է 1997-ի փուլային տարբերակին մէջ Ազրպէյճանի զիջումը:
<<Միջանկեալ ճանաչումը ոչ մէկ պարտաւորութեան տակ կը դնէ Ազրպէյճանը` ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը: Իսկ խաղաղապահներու տեղադրումը միշտ ալ պիտի ըլլայ, կապ չունի անոր հետ: Մեր պայքարը այն էր, որ խաղաղապահնե՞ր տեղադրուէին այստեղ: Ակնյայտ է, որ բոլորովին այլ հայեցակարգերու վրայ կը գտնուինք: Զարմանալի է, որ Տէր Պետրոսեան չի ալ հետեւիր, թէ մինչեւ հիմա ժողովուրդը, Ղարաբաղի ժողովուրդը ի՛նչ պատկերացում ունի հարցի լուծման վերաբերեալ: Ղարաբաղի ժողովուրդը 2006-ին յստակ կերպով արտայայտած է իր տեսակէտը, թէ ինչպէ՛ս կը պատկերացնէ հարցին լուծումը, որուն վրայ ալ խարսխուած է Դաշնակցութեան մօտեցումը… թող առնեն եւ կարդան գործող Սահմանադրութեան 142-րդ յօդուածը>>, նշած է Արմէն Ռուստամեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ