Որոշ չափով պիտի փոխհատուցուին կարկուտէն տուժած 18.202 բնակիչի վնասները

By Aztag Daily | Saturday, 24 December 2016

Կառավարութեան 22 դեկտեմբերի նիստին տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան ներկայացուցած է որոշում` Արագածոտնի, Արմաւիրի, Կոտայքի մարզպետարաններուն գումար յատկացնելու վերաբերող: Նպատակը այդ մարզերուն շուրջ 70 բնակավայրերու մէջ 2016-ի ամրան կարկտահարութեան հասցուցած վնասը փոխհատուցելու համար որոշ օժանդակութիւն յատկացնելն է:

<<18.202 բնակիչներու փոխհատուցման հարցն է.  506 միլիոն դրամ կը յատկացուի ջուր օգտագործողներու ջուրի վարձքի որոշակի մասը վճարելու համար>>, ըսած է Լոքեան:

Ան նշած է, որ ատիկա գիւղացիին համար ծախսերէն մաս մըն է` 26 հազար դրամ:

 


comments