By Aztag Daily | Saturday, 24 December 2016

Կառավարութեան 22 դեկտեմբերի նիստին կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար, նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան ներկայացուցած է որոշում մը, որ կը վերաբերի ռազմավարական ծրագիրներու համար ստեղծուող հիմնադրամին: Անոր համաձայն, հիմնադրամի ուսերուն կը դրուին շարք մը կարեւոր խնդիրներ, մասնաւորաբար` աջակցութիւն կառավարութեան` Հայաստանի կառավարութեան երկարաժամկէտ տեսլականի մշակման վերաբերեալ, նաեւ` կարճաժամկէտ ծրագիրներու եւ ռազմավարական ծրագիրներու կապուած այլ հարցերու մէջ:
Պիտի կազմուի հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդ, որուն 3 անդամները պիտի նշանակուին ի պաշտօնէ: Անոնք են` վարչապետը, ելեւմուտքի նախարարը, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարը, երկու հոգի ալ պիտի նշանակուի գործադիրին կողմէ, եւ 6 անդամ ալ պիտի ներկայացնէ ոչ պետական հատուածը:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան աւելցուցած է, որ ռազմավարական ծրագիրներու այս կեդրոնը շատ մեծ կարեւորութիւն ունի կառավարութեան համար, որովհետեւ անիկա կը հանդիսանայ այն հարթակը, ուր պիտի ձեւաւորուի կառավարութեան տեսլականը, թէ ինչպէս կը պատկերացնեն տնտեսութեան զարգացումը` ըստ ոլորտներու ու ցուցանիշներու:
Որոշումը ընդունուած է:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ