By Asbarez | Saturday, 24 December 2016

ԵՐԵՒԱՆ - 23 Դեկտեմբերին Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան, ամփոփելով 2016ի աշխատանքները, նշած է, որ իրենք առաջադրանք դրած են, որ կրթաթոշակին պատճառով ոչ մէկ ուսանող զրկուի բարձրագոյն ուսումէ։
Ըստ նախարարին՝ գաղտնիք չէ, որ բնակչութեան մէկ մեծ հատուածը իսկապէս կ՛ուզէ ուսանիլ, սակայն ի վիճակի չէ վճարել ուսման թոշակը: Ուսումնական հաստատութիւններն ալ ամէն ինչ պիտի ընեն, որ ուսանողը դուրս չմնայ։
<<Երբ համալսարաններն անմիջապէս կախուած են ուսանողի վարձից, իսկ մենք դրանց պետբիւջէից քիչ ենք ֆինանսաւորում, ամէն ինչ անում ենք, որ ուսանողներն իրենց համալսարանները չլքեն: Արդիւնքում՝ հնարաւոր է 6-7 անգամ ուսանողը վերաքննութիւն յանձնի, ինչը պէտք է չթոյլատրենք այսուհետ: Մենք պէտք է կարողանանք մի ուղղութեամբ բուհերի ֆինանսական վիճակը կարգաւորել, անձեռնմխելի ֆոնդեր ստեղծել, իսկ բուհերն էլ պէտք է կարողանան աւելի ռացիոնալ իրականացնել իրենց խնդիրները>>, շեշտած է նախարարը:
Ըստ անոր՝ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու տարրալուծարանները, գրադարանները պէտք է բաց ըլլան բոլորին համար, այսինքն՝ ցանցային համալսարաններ պէտք է ունենանք:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ