By Asbarez | Saturday, 24 December 2016

ԵՐԵՒԱՆ - 22-23 Դեկտեմբերի լուսցող գիշերը ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտութեան զօրքերու շփման գիծի ամբողջ երկայնքով, հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային եւ ականանետային զինատեսակներով զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է շուրջ 65 անգամ, որուն ընթացքին հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 1200 կրակոց: Առաւել մեծ խախտումներ արձանագրուած են արեւելեան (Ակնա) եւ հարաւարեւելեան (Մարտունի) պաշտպանական հատուածներուն մէջ: Միայն Մարտունիի ուղղութեամբ ատրպէյճանական զինուժը հայկական գիծերը ռմբակոծած է 14 անգամ։
Հակառակորդին աշխուժութիւնը ճնշելու նպատակով պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները՝ հիմնականին մէջ Մարտունիի ուղղութեամբ, դիմած են պատժիչ գործողութիւններու եւ հակառակորդին ստիպած են ձեռնպահ մնալ հետագայ սադրիչ քայլերէ: Ինչպէս շփման գօտիի նշեալ հատուածին մէջ, այնպէս ալ պաշտպանական միւս ուղղութիւններուն մէջ հայկական ստորաբաժանումները շարունակած են վստահօրէն իրականացնել առաջադրուած մարտական խնդիրը եւ հակառակորդին պարտադրել իրենց կամքը:
23 Դեկտեմբերի երեկոյեան հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն՝ սահմանագիծի ամբողջ երկայնքով կացութիւնը համեմատաբար հանդարտ է:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ