By Asbarez | Wednesday, 28 December 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - 26 Դեկտեմբերին լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան անդրադարձած է ներքաղաքական կարգ մը հարցերու:
Այլ քաղաքական ուժերու հետ դաշինք կնքելու միտումով հաւանական քննարկումներուն անդրադառնալով՝ Աղուան Վարդանեան դիտել տուած է, որ ներկայ դրութեամբ դաշինքի հարց չի քննարկուիր, նման օրակարգ չկայ ներկայիս, եւ 99 տոկոսով Դաշնակցութիւնը ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի առանձին։
<<Բայց քաղաքականութեան մէջ երբեք մի ասա երբեք, բայց այսօր մենք որեւէ բանակցութիւն չենք վարում>>, ըսած է Ա. Վարդանեան:
Լրագրողները ուզած են գիտնալ, թէ պատգամաւորին կեցուածքը ի՛նչ է արդէն իսկ կազմուած դաշինքներուն նկատմամբ, որոնց կարգին է <<Ելք>> դաշինքը, որ կը միաւորէ <<Քաղաքացիական պայմանագիր>>, <<Լուսաւոր Հայաստան>>, <<Հանրապետութիւն>> կուսակցութիւնները. Աղուան Վարդանեան նշած է, որ խորհրդարանական կառավարման համակարգին մէջ այն քաղաքական ուժերը, որոնք տեղ կը գտնեն խորհրդարանին մէջ, կարելիութիւն պիտի ունենան զարգանալու, աճելու, տարածուելու ու ազդեցութիւն ունենալու: Անոնք, որոնք տեղ չեն գտներ խորհրդարանին մէջ, կը փորձեն միաւորուիլ, դաշինքներ կազմել:
<<Շատ գովելի ու ողջունելի է ցանկացած միաւորում, դաշինք ստեղծելու ցանկացած փորձ: Ուզում եմ, որ մեր քաղաքական ուժերը, անկախ քաղաքական տարբեր ճամբարներում գտնուելու փաստից, գիտակցեն, որ Դաշնակցութեան պնդմամբ էր, որ նոր Սահմանադրութեան մէջ արձանագրուեց դրոյթը, որ ընդդիմութիւնը խորհրդարանում պէտք է ունենայ տեղերի առնուազն 30 տոկոսը: Մենք իշխանութիւն ենք, թէ ոչ, կապ չունի, մենք գիտակցում ենք, որ առանց ընդդիմութեան մեծ ներկայութեան, բալանսի ու հակազդեցութեան, հնարաւոր չէ երկիրը զարգացնել: Այնպէս որ ողջունում ու բարի ճանապարհ ենք մաղթում դաշինքներին>>, ըսած է Աղուան Վարդանեան:
Աղուան Վարդանեան անդրադարձած է նաեւ պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանի քաղաքական գործունէութեան՝ դիտել տալով, որ վերջինը նոր չի մտներ քաղաքականութեան մէջ, քանի որ արդէն իսկ ստանձնած է քաղաքական բարձր պաշտօններ՝ ըլլալով նախարար, իշխանութեան խումբի անդամ:
<<Սէյրան Օհանեանի որոշելինքն է իր հետագայ քայլերը, սա քաղաքական խումբ փոխել է, թէ փոխել չէ, դա ինքն է որոշելու: Եթէ ցանկութիւն ունի, դա իր իրաւունքն է: Տեսնենք, ինձ հետաքրքիր է, թէ ներքին զարգացումների առումով ինչ ձեւաչափով ու թիմով է նա գալու ասպարէզ>>, ըսած է Աղուան Վարդանեան: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ Սէյրան Օհանեան երեւի ընդդիմադիր դաշտին մէջ՝ պատգամաւորը նշած է, որ իւրաքանչիւր անձ ի՛նք կ՛որոշէ իր օրակարգը:
<<Եթէ Սէյրան Օհանեանը կը ստեղծի ձեւաչափ, միաւորում եւ իր խնդիրները կը ձեւակերպի որպէս ընդդիմութիւն, ուրեմն կը դառնայ ընդդիմութիւն, բայց կրկնում եմ, Սէյրան Օհանեանը նոր չէ քաղաքականութեան մէջ, նա եղել է քաղաքական թիմի անդամ>>, աւելցուցած է Աղուան Վարդանեան:
Անդրադառնալով ՀԱԿի առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վերջին ելոյթին, որուն մէջ ան խօսած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցով փոխզիջումներու անհրաժեշտութեան մասին, Աղուան Վարդանեան դիտել տուած է, որ այդ ելոյթին մէջ որեւէ նոր բան չկար, միակ նոր բանը եւ լաւ բանը ելոյթի վերջին նախադասութիւնն էր, որ մեր մեծագոյն հպարտութիւնը Հենրիկ Մխիթարեանն է:
<<Խօսել փոխզիջումների մասին, երբ մի կողմը որեւէ բան չի ցանկանում զիջել, անիմաստ է: Մենք ունենք հնարաւորութիւն, ներքին ռեսուրսները մոբիլիզացնելու մեծ ներուժ, համազգային էներգիան կուտակելու ներուժ, ուրեմն կարող ենք, ուղղակի պարտաւոր ենք մեր ներսի խնդիրները լուծել ինքներս, դրանով հզօրացնել մեր անվտանգութիւնը>>, նշած է Ա. Վարդանեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Դաշնակցութիւնը ՀՀԿի հետ համախոհութիւն կը գոյացնէ՞՝ Աղուան Վարդանեանը նշած, որ Դաշնակցութիւնը այսօր իր դիմաց ունի խնդիրներու թղթածրար մը, եւ, ընտրութիւններուն արդիւնքներուն համաձայն, կը յստականայ համախոհական կառավարութեան հարցը։
<<Դուք գիտէք, որ քաղաքական համաձայնագիրը անժամկէտ է, եւ եթէ ԱԺ ընտրութիւնների արդիւնքները հնարաւորութիւն կը տան, ապա ՀՅԴն կը կարողանայ լուծել իր առջեւ դրած խնդիրները: Հանրապետական կուսակցութիւնը շատ բազմաշերտ, բազմատարր ու բազմադէմ քաղաքական ուժ է, ինչպէս ցանկացած իշխանութեան ուժ, բայց այն խնդիրները, որոնք կարողացել ենք միասին ձեւակերպել, դրանք մեր երկրին անհրաժեշտ հիմնարար խնդիրներ են>>, ըսած է Աղուան Վարդանեան:
Աղուան Վարդանեան ամփոփած է տարին՝ ՀՅԴի գործունէութեան պարունակին մէջ։ Ըստ անոր՝ 2016ը նոր սկիզբի կարելիութիւն էր քանի մը առումներով, նախ՝ 2016ը սկսաւ կառավարման նոր համակարգով, նոր Սահմանադրութեամբ, ինչ որ համակարգային փոփոխութեան կարելիութիւն էր: 2016ը նաեւ համակարգային փոփոխութեան տարի էր՝ ընտրական նոր օրէնսգիրքի ընդունման առումով, ինչ որ աշխուժութիւն բերաւ քաղաքական դաշտին մէջ:
<<Գիտակցելով, թէ չգիտակցելով ընտրական օրէնսգիրքի դերը, մարդիկ տեսնում են, որ կայ հնարաւորութիւն ընտրութիւնների միջոցով Հայաստանում բան փոխել: Կային գործիչներ, որոնք յայտարարում էին, եթէ տեսնեն ընտրական օրէնսգիրքն այնպիսին է, որ հնարաւոր է ընտրութիւնների միջոցով բան փոխել, ուրեմն կը մասնակցեն ընտրութիւններին: Ուզում եմ շեշտել, որ այս երկու համակարգային փոփոխութիւններում Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը էական է>>, շեշտած է Աղուան Վարդանեան:
Անդրադառնալով ՀՀԿ-ՀՅԴ քաղաքական համագործակցութեան՝ պատգամաւորը նշած է, որ այդ համաձայնագիրը հիմնուած է Հայաստանը յուզող ներքին ու արտաքին բոլոր խնդիրներուն վրայ: <<Շատերը մեզ փորձում են մեղադրել, շատերը փորձում են այդ համաձայնագրի մէջ այլ ենթատեքստ տեսնել, բայց եթէ մենք վստահ չլինէինք, որ առաջադրում ենք այնպիսի խնդիրներ, որոնք անհրաժեշտ են մեր երկրում իրականացնել, մենք երբեք չէինք գնայ համագործակցութեան>>, ըսած է ան:
Շարունակելով ամփոփել տարին՝ պատգամաւորը խօսած է նաեւ նոր կառավարութեան ձեւաւորման մասին, որ նոր մօտեցումներու ու դրական սպասումներու սաղմեր ձեւաւորեց: Ըստ անոր՝ նոր կառավարութեան ծրագիրին մէջ դրուած են նաեւ ՀՅԴ-ՀՀԿ քաղաքական համաձայնագիրի ուղղութիւններն ու խնդիրները: Ժամանակը ցոյց պիտի տայ, թէ որքանով ծրագիրը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ ու տեսանելի արդիւնքներ պիտի արձանագրուին, քանի որ ջանքերը պիտի շարունակուին արդէն 2017 թուականին, որ նաեւ նախընտրական տարի պիտի ըլլայ:
Աղուան Վարդանեանի համաձայն՝ ՀՅԴի համար 2016ը ա-ռանցքային էր անկախութեան 25ամեակի առումով: Ատիկա եւս նոր սկիզբ էր, եւ ինչ որ առումով 25 տարին ամփոփում էր պետականութեան առաջին հասունութեան շրջանը՝ իր թերութիւններով, առաւելութիւններով հանդերձ: <<Պարտաւոր ենք անկախութեան 25ամեակից յետոյ մտնել նոր փուլ, ստեղծելով նոր սկզբի հնարաւորութիւն>>, ըսած է Վարդանեան:
Պատգամաւորը խօսած է 2016ի երկու ծանր իրադարձութիւններու մասին՝ ապրիլեան պատերազմ եւ յուլիսեան դէպքեր: Ըստ Վարդանեանի՝ ապրիլեան պատերազմը ուշադրութիւն գրաւեց անսպասելի համախմբուածութեամբ, երկիրը պաշտպանելու ժողովուրդին ուժեղ կամքով, ու ցաւօք՝ անդառնալի կորուստներով: Սակայն Ապրիլէն մինչեւ ամառ չկրցանք առկայ ներուժը ճիշդ ձեւով ուղղորդել, ու պատահեցան յուլիսեան դէպքերը: Աղուան Վարդանեան շեշտած է, որ յուլիսեան դէպքերուն առաջին գնահատականը տուած է Դաշնակցութիւնը՝ յայտարարելով, որ Հայաստանի մէջ իմաստ չունի եւ դատապարտելի է զէնքով ու բռնութեամբ փորձել հարցեր լուծել:
<<Որքան էլ անկեղծ կամ յուսահատ լինէր այդ քայլը, ցաւալի է, բայց դա ինչ որ առումով ուղղորդուած, կամ ոչ, նկատի ունեմ՝ դրսի ուժերին, դարձաւ ինչ որ առումով ապրիլեան մեր համախմբուածութեան՝ ջարդելու, կոտորակելու առիթ ու հնարաւորութիւն: Փառք Աստծոյ, մենք դուրս եկանք այդ կացութիւնից, բայց խնդիրները մնում են, եւ դրանք լուծելու համար պէտք է հետեւողականօրէն աշխատել>>, ըսած է Աղուան Վարդանեան:
Պատգամաւորը աւելցուցած է, որ Դաշնակցութեան համար 2016ը կազմակերպական առումով եւս նոր սկիզբի առիթ էր: Վերջին 6 ամիսներուն Դաշնակցութեան շարքերը մուտք գործած են 800 նորագիրներ, որոնց 80 տոկոսը երիտասարդներ են: <<Առաջիկայ տարիները լինելու են անկախութեան սերդնի ինքնադրսեւորման հնարաւորութեան ժամանակաշրջան, եւ շատ կարեւոր է քաղաքական դատում իրականացնել սերնդափոխութիւն, վստահելով պետութիւնն ու իշխանութիւնը նոր սերնդին: Մենք հրաշալի երիտասարդութիւն ունենք, շատ աւելի ազատ, աւելի անկախ մտածողութեամբ, եւ յոյս ունեմ, որ Դաշնակցութեան այս վերանորոգումը դառնալու է քաղաքական կեանքում նոր մօտեցումների առհաւատչկայ>>, ըսած է ան։
Աւարտին ան համոզում յայտնած է այն մասին, որ որքան մեծ ըլլայ Դաշնակցութեան կշիռը խորհրդարանին մէջ, այնքան պիտի ապահովուի ներքին կայունութիւնը, զարգացման իսկական եւ շօշափելի նախադրեալներ պիտի ստեղծուին, երաշխաւորուած պիտի ըլլայ Արցախի ու Հայաստանի անվտանգութիւնը, օտար միջամտութեան կարելիութիւնները նուազ պիտի ըլլան ու հակազդեցութեան պիտի հանդիպին։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ