Ըստ Պրայզայի՝ Սահմանի Բացումով Հայաստան Ճկուն Կ՛ըլլայ

By Asbarez | Wednesday, 01 July 2009

ԱՆԳԱՐԱ, «Թուտէյզ Զաման».-Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրոասիական հարցերով օգնական Մէթիու Պրայզա յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու համար Թուրքիոյ կարեւորութեան պատճառներէն մէկը անոր ժողովրդավարական համակարգն է:


Թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթի յօդուածագիրներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին պատասխանելով «Էրկէնէքոն»ի հարցով հարցումի մը՝ Պրայզա յայտնեց. «Ժողովրդավարութիւնը կը պահանջէ, որ երկրի մը քաղաքական ապագան որոշուի ընտրութիւններու ճամբով, քուէատուփերու մէջ, քուէարկողներու կողմէ եւ քաղաքական գործընթացներու միջոցով, որ սահմանադրութիւնն է։ Եւ բոլորս ալ գիտենք, թէ սահմանադրութեան հիմնաքարերը՝ ժողովրդավարութիւնը, աշխարհիկութիւնը եւ օրէնքի իշխանութիւնն են»։

Ըստ անոր, Թուրքիա շարունակ փաստած է, թէ կրնայ «Էրկէնէքոն»ի հետաքննութեան, սահմանադրական մարտահրաւէրներու, ընտրական համակարգին ուղղուած մարտահրաւէրներու եւ ընկերութեան մէջ լարուածութիւն ստեղծող հաղորդագրութեանց հարցերը շրջանցել։ «Կան շարք մը վարկածներ, որոնք պէտք է լուծուին։ Եւ ճշմարտութիւնը պէտք է բացայայտուի», ըսաւ ան։
Պատասխանելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման գործընթացներուն մասին հարցումի մը՝ Պրայզա ըսաւ, որ այդ գործընթացները անջատ են։

Անոնք զուգահեռ կերպով կ՛ընթանան, սակայն տարբեր կշռոյթով։ Գիտենք, որ երբ գործընթացներէն մէկը յառաջդիմութիւն արձանագրէ շրջանին մէջ մթնոլորտը ընդհանրապէս կը բարելաւուի, եւ աւելի դիւրին կ՛ըլլայ միւսին մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրել», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ ատրպէյճանցիները երբեմն չեն համաձայնիր, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բնականոնացումը եւ սահմանի բացումը դրական զարգացում մըն է, որովհետեւ կը հաւատան, թէ Հայաստան Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղութեան գործընթացին մէջ նուազ ճկունութիւն պիտի ցուցաբերէ, եթէ Հայաստան գիտնայ, թէ Թուրքիա իր սահմանը բանալու վրայ է։

Ես տարբեր կարծիքի եմ։ Ես կը հակիմ հաւատալու, թէ երբ հայկական կողմէ կը զգայ, թէ Թուրքիոյ հետ բնական յարաբերութիւն կրնայ ունենալ եւ իր սահմանը կրնայ բացուիլ, ան իրողութեան մէջ աւելի ճկուն կ՛ըլլայ կամ եղած է», ըսաւ ան։

ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Պրայզա նաեւ յայտնեց, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ 7 Մայիսին Փրակի մէջ եւ 4 Յունիսին Ս. Փեթերզպուրկի մէջ երկու հանդիպումներուն ընթացքին շինիչ կեցուածք ունէր։

Սահմանը բանալը բնականոնացման գործընթացին մէկ հանգրուանն է։ Անմիջական քայլ մը չէ։ Ատիկա տեղի կ՛ունենայ, մինչ այլ բաներ իրենց տեղը կը գտնեն եւ Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացը յառաջ կ՛ընթանայ, ինչ որ մեզի ժամանակ կու տայ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ մեզի պէտք եղած բեկումը ստանալու։ Եւ յոյսով ենք, որ երբ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բեկում մը կոփելու մէջ յաջողինք, ապա այս դժուար հարցով զբաղելու պէտք չենք ունենար», բացատրեց ան։

Պրայզա նաեւ գործընթացին մէջ ռուսական դերակատարութիւնը «շինի»չ նկատեց։ «Հակառակ Ռուսիոյ եւ Վրաստանի հետ մեր դժուար յարաբերութեան, անոնք Լեռնային Ղարաբաղի հարցով հաւասարապէս դրական եղած են», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ երկու անգամ օգտակար ձեւով առնչուած է հարցին:

Ան 2 Նոյեմբերին օգնեց Մոսկուայի մօտ իր բնակարանին մէջ նախագահներ Ալիեւի եւ Սարգսեանի յայտարարութիւնը ձեռք ձգելու մէջ, եւ Ս. Փեթերզպուրկի մէջ դարձեալ շինիչ դերակատարութիւն ունեցաւ, երբ նախագահները ընթրիքի ընթացքին միացուց։ Ատկէ ետք մթնոլորտը բաւական բարելաւուած է»։

Պատախանելով Ռուսիոյ դրդապատճառներուն շուրջ կասկածներու մասին հարցումի մը՝ Պրայզա ըսաւ, որ ինք երբեք «չի կասկածիր», որովհետեւ ռուսերը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը նախընտրելու իրենց պատճառները ունին։ «Թերեւս անոնք հաշիւ կ՛ընեն, թէ ժամանակի ընթացքին Հարաւային Կովկասի մէջ իրենց ռազմավարական դիրքը պիտի բարելաւուի», ըսաւ ան։

Թուտէյզ Զաման»ի յօդուածագիրները հարցուցին, թէ ինչո՞ւ Ս. Փեթերզպուրկի հանդիպումէն մեծ յայտարարութիւն մը դուրս չէ եկած։ Պրայզա ըսաւ, որ ատիկա վատ նշան մը չէ։ «Անոնք նախընտրեցին մեծ յայտարարութիւն մը չընել, որովհետեւ գործընթացը կը շարունակուի։ Նախագահ Ալիեւ մտահոգ էր, որ թերեւս գործընթացը Փրակէն ետք պիտի չշարունակուի, եւ Ս. Փեթերզպուրկի մէջ տեսանք, որ գործընթացը պիտի շարունակուի»։

Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման դէմ ատրպեճանական հասարակութիւնը շահագործելու «Էրկէնէքոն»ի համակիրներուն ենթադրեալ գրգռութեանց։ «Ատոր ուշադրութիւն չեմ դարձուցած։ Կրնամ ըսել, որ ատրպէյճանցի ժողովուրդը մեծ գրգռութեան պէտք չունի։ Ան բաւարար չափով դէմ է Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացման եւ բնականոնացման»։

comments

Advertisement