By Asbarez | Thursday, 29 December 2016
ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան 27 Դեկտեմբերին հանդիպում ունեցած է կամաւորական ջոկատներու հրամանատարներուն հետ:
Կարեւոր նկատելով համագործակցութեան շարունակականութիւնը՝ Վիգէն Սարգսեան անգամ մը եւս յայտնած է խնդիրներն ու իրաւական դաշտին մէջ հաւանական բացթողումները միասնաբար քննարկելու, փոխգործակցութիւնը միանգամայն նոր, առաւել բարձր հիմերու վրայ դնելու իր պատրաստակամութիւնը:
Ան նշած է, որ անհրաժեշտ է ընել կարելին՝ մարտական գործողութիւններու մասնակիցներուն սխրանքներն ու հայրենանուէր գործունէութիւնը հասարակութեան առաւել հանգամանալից եւ պարբերաբար ներկայացնելու, մատաղ սերունդը անոնց օրինակով ոգեշնչելու եւ դաստիարակելու համար:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ նախորդ հանդիպումներուն լուսարձակի տակ առնուած խնդիրներու ուղղման գծով առնուած յստակ քայլերուն:
Հանդիպման աւարտին նախարար Սարգսեան շնորհաւորած է ներկաները՝ Ամանորի եւ Սուրբ ծննդեան տօներուն առիթով, մաղթելով առողջութիւն ու երջանկութիւն եւ համոզում յայտնած է այն մասին, որ 2017 թուականը պիտի ըլլայ նորանոր յաջողութիւններու եւ համաժողովրդական ձեռքբերումներու տարի:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ