Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ սկիզբը յայտարարուեցաւ Ճեմարանի, Նոր Գիւղի եւ Հալէպի բոլոր ազգային կառոյցներու վերականգնումի աշխատանքներուն

By Aztag Daily | Thursday, 05 January 2017

<<Գանձասար>> կը հաղորդէ, թէ կիրակի, 1 յունուար 2017-ին Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակին մէջ հաւաքուած էին հարիւրաւոր հայորդիներ, ճեմարանականներ` վերստին ապրելու ճեմարանի նախապատերազմեան շէնութիւնը:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը հնչեցուցած է ազգային-յեղափոխական երգեր, թնդացնելով հինգ տարիներէ ի վեր պատերազմական բախումնային գօտիի մէջ յայտնուած ու թնդանօթներու եւ հրթիռներու թիրախ դարձած, սակայն կանգուն մնացած Ճեմարանն ու Նոր Գիւղը:

Այնուհետեւ հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, ներկայութեամբ պատկան մարմինին, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեանի, Ազգային վարչութեան, Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան, տեղի ունեցած է Ճեմարանի տօնածառին լուսաւորումը, իբրեւ խորհրդանիշ կեանքի շարունակականութեան ու գաղութի վերականգնումին:

Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլեճեան նախ շնորհաւորած է ճեմարանականներն ու ամբողջ հալէպահայութիւնը Ճեմարանի վերաբացման համար ու Նոր տարուան առաջին օրը սկիզբը յայտարարած է Ճեմարանի, Նոր Գիւղի եւ Հալէպի բոլոր ազգային կառոյցներու վերականգնումի աշխատանքներուն:

<<Այսօր, Ճեմարանին մէջ կը սկսինք մեր Նոր տարին: Պիտի սկսինք ու շարունակենք մեր վերականգնումի աշխատանքները, իսկ Ճեմարանի շրջանաւարտները այս տարուան իրենց վկայականները պիտի ստանան ա՛յս բեմէն>>, ըսած է տնօրէնը:

kants-1_010117

 

Ապա Բերիոյ թեմի բարեջան առաջնորդը ժողովուրդին ուղղելով իր խօսքը խնդրած է վառած մոմերը բարձրացնել ու մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել յիշատակը բոլոր նահատակներուն:

Սրբազան հայրը ըսած է <<Այնպէս ինչպէս Սուրիոյ հողը օծուեցաւ նահատակներու արեամբ, մեր ազգի ընտիր զաւակները Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ եւս իրենց արեան եւ քրտինքի ճանապարհով այս օրը պարգեւեցին մեզի: Փա՜ռք իրենց>>: Ապա սրբազան հայրը շնորհաւորած է բոլորին Նոր տարին եւ ըսած, թէ գալիք տարիներու մեր յաղթական երթին, լոյսի ճանապարհին առաջին օրն է սա. օրը մեր յաղթանակին եւ արդար դատին, մեր շարունակականութեան, մեր ազգային, հաւաքական իտէալներու եւ իղձերու իրականացման: Այս երկինքին տակ մութ եւ ելեկտրականութենէ զուրկ այս տարածքը ձեր ներկայութեամբ կը լուսաւորուի: Փա՜ռք ու պատիւ քեզ հայութիւն: Թող ապրի հայութիւնը, ապրի սուրիական հայրենիքը, ապրի Հայաստանը, ապրի Արցախը եւ ապրի Հալէպը:

Սրբազան հայրը աւետած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին չորեքշաբթի, 4 յունուար 2017-ին Հալէպ ժամանումը` իբրեւ զօրակցութիւն հալէպահայութեան:

kants-3_010117

Ճեմարանին մէջ Նոր տարուան առաջին այս օրը իր աւարտին հասած է խանդավառ մթնոլորտի մէջ:


comments