By Asbarez | Thursday, 05 January 2017

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովին մէջ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան <<Նիուզ>>ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, ամփոփելով 2016 թուականը, ըսած է, որ Հայաստանի մէջ որակական փոփոխութիւններու առաջին սաղմերը նկատելի են, բայց արդիւնքները տակաւին էական չեն:
<<Մեր երկրում որակական փոփոխութիւններ են սկսուել: Առաջին սաղմերը նշմարելի են, արդիւնքները դեռեւս էական չեն, բայց որ ուղղութիւնը ճիշդ է ընտրուած, եւ սաղմերը կան, ակնյայտ է: 2017 թուականը լինելու է եւ քաղաքական համակարգի, եւ տնտեսական վիճակի կայունացման ու զարգացման նախադրեալ ստեղծելու տարի>>, շեշտած է ան։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կ՛ակնկալէ՞, որ, որպէս նշմարելի էական արդիւնք, օրինակ, պանանը ներածեն քանի մը անձեր, եւ վերանայ մենաշնորհը, Աղուան Վարդանեան ըսած է. <<Հիմա եթէ դուք դատելու էք բանան ներկրողների քանակով… Ես լրատուամիջոցներում տեսնում եմ հրապարկումներ, որ արդէն ներկրողներ կան եւ երկու հոգի չեն: Այսինքն՝ խնդիրները ճիշդ են ձեւակերպուած: Այսօր կան փոքրիկ փոփոխութիւններ, որ հասարակութիւնը դեռ չի գնահատում, բայց փոխւում են>>:
Իբրեւ իրականացած փոփոխութիւն՝ Աղուան Վարդանեան մատ-նանշած է կազի գինի նուազումը՝ միաժամանակ խոստովանելով, որ տնտեսութեան վիճակը ծանր է, ինչ որ կարելիութիւն չէ տուած աշխատավարձերու եւ թոշակներու բարձրացման:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ