By Asbarez | Thursday, 05 January 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Փանորամա>> - 13 Մայիս 2016ին Արցախի մէջ ծանրօրէն վիրաւորուած Յովհաննէս Պօղոսեան Ամանորը դիմաւորած է իր տան մէջ՝ շրջապատուած հարազատներով ու ընկերներով։
Յովհաննէսը ապրիլեան պատերազմին վիրաւորուելէ եւ քիչ մը ապաքինելէ ետք վերադարձաւ դիրքեր: <<Տղայիս տրամադրութիւնը շատ լաւ է, Նոր տարին էլ ուրախ դիմաւորեց>>, ըսած է Յովհաննէս Պօղոսեանի մայրը՝ Գայիանէ Ասատրեան, <<Փանորամա>>ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:
<<Յովհաննէսիս բարեմաղթանքը մէկն է՝ խաղաղութիւն լինի, զինուորները <<դուխով>> լինեն, չյուսահատուեն, անփորձանք ծառայեն ու վերադառնան իրենց ընտանիքներ>>, փոխանցելով որդիին խօսքերը՝ նշած է տիկին Գայիանէն:
Անոր համաձայն՝ որդին վերականգնողական բուժում ստացած է <<Կարմիր Խաչ>>ի կեդրոնին մէջ, 23 Դեկտեմբերին եկած է տուն, իսկ տօնական օրերէն ետք պիտի շարունակէ բուժումը:
Ընդհանուր առմամբ, ըստ Գայիանէ Ասատրեանի, որդիին առողջական վիճակին մէջ դրական փոփոխութիւններ կան, ոտքը կը շարժէ, բայց աջ ձեռքը դեռ չի կրնար շարժել: <<<<Կարմիր Խա>>չի կինեզիստներից շատ գոհ եմ, ամէն ինչ անում են, որ դրական արդիւնքի հասնեն: Տօներից յետոյ Յովհաննէսը վերականգնողական բուժումը կը շարունակի կինեզիստ Դաւիթ Արսէնեանի մօտ>>, նշած է Գայիանէ Ասատրեան՝ աւելցնելով, որ որդիին բուժումը երկար ժամանակ կը պահանջէ:
<<Մենք դեռ երկար ճանապարհ ունենք անցընելու: Չենք յուսահատւում, Յովհաննէսը լաւատես է, տանն էլ զբաղւում է, որ շուտ ոտքի կանգնի: Այդ ծանր վիճակից որ դուրս եկաւ, որ հիմա մեր կողքին է, ինձ համար դրանից կարեւոր բան չկայ>>, ըսած է տիկին Գայիանէ:
Յովհաննէսի մայրը ունի մէկ փափաք՝ չարաբաստիկ 2016 թուականը չկրկնուի. <<Թող սահմանին ոչ մի զինուոր չզոհուի, թող ոչ մի մայր լաց չլինի>>:
Յիշեցնենք, որ 1995ին ծնած Յովհաննէս Պօղոսեան երկրորդ անգամ վիրաւորուած էր 13 Մայիսին գանկուղեղէն, վնասած էր գանկին մէկ բաժինը եւ ստացած այլ բազմաբեկորային կոտրուածքներ: Ան տեղափոխուած էր Մարտակերտի հիւանդանոց վիրահատուած, ապա տեղափոխուած Ստեփանակերտի հիւանդանոց, իսկ յետոյ՝ Երեւան:
Նշենք, որ բժիշկները Յովհաննէսին ապրելու զերօ տոկոս հաւանականութիւն տուած էին, ան երկար ատեն մնաց մահաքունի մէջ, միայն 36 օր ետք վերակենդանացման բաժանմունքէն տեղափոխուեցաւ հիւանդասենեակ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ