By Asbarez | Friday, 06 January 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Առաւօտ>>.- Արցախի Հանրապետութեան բոլոր շրջաններէն, նաեւ մայրաքաղաքէն շուրջ 400 աշակերտներ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ՝ գլխաւոր տօնածառին մօտ, մասնակից դարձան Լեռնային Ղարաբաղի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կազմակերպած Ս. Ծննդեան ամանօրեայ տօնական ձեռնարկին, որուն ներկայ էր նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան: Աշակերտներուն, անոնց ընկերակցող ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն տօնը աւելի գեղեցկացուցին Ստեփանակերտի մշակոյթի տան եւ մանկապատանեկան ստեղծագործութիւններու կեդրոնի սաներն ու արուեստագէտները:
Լեռնային Ղարաբաղի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Սլավա Ասրեան ողջունեց ներկաները՝ մաղթելով, որ հայոց աշխարհին մէջ խաղաղութիւն տիրէ: Ս. Ասրեան անդրադարձաւ նաեւ 2016 թուականի գարնան արձանագրուած պատերազմական իրադարձութիւններուն՝ նշելով, որ անոնք բացասական անդրադարձ չունեցան կրթական բնագաւառին վրայ: Բեմին վրայ ներկայացուեցաւ տարուան խորհրդանիշ Կարմիր Աքլորը՝ հաւաստիացնելով, որ տարին մեր ժողովուրդին համար խաղաղ ու առատաբեր պիտի ըլլայ, քանի որ սահմանին կանգնած է հայոց հզօր բանակը, իսկ այգիներուն ու արտերուն մէջ կ՛աշխատին հայ շինականն ու այգեպանը: Աքլորին միացան նաեւ փոքրիկներուն սիրած շարժապատկերներու հերոսները: Այնուհետեւ փոքրիկները խանդավառութեամբ դիմաւորեցին Ամանորի տէր՝ Կաղանդ պապուկը, եւ ուրախ երգն ու պարը տօնածառին շուրջ դարձան հրապարակին տէրը: Շուրջ մէկ ժամ տեւած ելոյթներէն ետք աշակերտները խումբ- խումբ կամ առանձին նկարուեցան երկրի նախագահին հետ:
Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան եւ այլ պաշտօնատար անձեր: Տօնակատարութեան մասնակցեցան նաեւ Քաշաթաղի Բերձոր շրջանի Վ. Թէքէեանի նուիրուած <<Թիւ-1>> եւ Վ. Զատիկեանի՝ <<Թիւ-2>> միջնակարգ դպրոցներու աշակերտները՝ Շրջանային վարչութեան աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Դաւթեանի, ինչպէս նաեւ կրթութեան եւ մարմնակրթութեան, մշակոյթի բաժիններու ներկայացուցիչներուն եւ դպրոցներու ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ։
<<Առաւօտ>>ի թղթակիցը զրուցեց աշակերտներուն եւ անոնց ուսուցիչներուն հետ. բոլորն ալ գոհունակութիւն յայտնեցին կազմակերպիչներուն եւ երկրի նախագահին այդ օրը հարիւրաւոր մանուկներուն եւ մեծերուն համար գեղեցիկ օրի վերածելնուն համար: Տօնակատարութեան մասնակիցները տուն վերադարձան կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ յատկացուած նուէրներով: Քաշաթաղցիները վերադարձին այցելեցին Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցի, մոմեր վառեցին եւ <<Տէրունական>> աղօթքով Արցախ աշխարհին խաղաղութիւն՝ իսկ սահմանի զինուորներուն անփորձանք ծառայութիւն մաղթեցին:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ