By Asbarez | Friday, 06 January 2017
ԵՐԵՒԱՆ - 2016 թուականը իմաստալից տարի էր հնաբաններուն, հնագէտներուն, քարանձաւագէտներուն համար: Նախորդ տարի բացայայտուեցան եւ լուսարձակի տակ առնուեցան շարք մը պեղումներու, յայտնագործութիւններու եւ ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներ, որոնք պատմական եւ հնագիտական առումով շատ կարեւոր էին ո՛չ միայն հայերուս, այլ նաեւ ամ-բողջ տարածաշրջանի պատմութեան ուսումնասիրութեան համար: Այս մասին կը գրէ Արմէն Վարդանեան։
2016 թուականին հնագէտները, քարանձաւագէտները խօսեցան նոր հետազօտութիւններու, ուսումնասիրութիւններու մասին՝ վերահաստատելով, որ Հայաստան այն եզակի երկիրներէն է, ուր հնագոյն աշխարհի պատմութիւնը խոր արմատներ ունի, եւ որ աշխարհագրական փոքր չափեր ունեցող այսօրուան Հայաստանը բաց ու ընդարձակ հնագիտական աղբիւր է ուսումնասիրողներուն համար: Սակայն պետական հոգածութեան բացակայութեան պատճառով ո՛չ միայն նոր բացայայտումները հողակոյտի կը վերածուին, այլ նաեւ՝ դեռ կանգուն մնացած պատմամշակութային արժէքները:
Պատմական գիտութիւններու դոկտոր-փրոֆեսէօր, Երեւանի պետական համալսարանի մշակութաբանութեան ամպիոնի վարիչ, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի Արցախի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար Համլէտ Պետրոսեան պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման մէջ թերացման պատասխանատու կը նկատէ թէ՛ պետութիւնը, եւ թէ մասնաւոր հատուածը: <<Սեփականութեան նման հոգատարութիւն չեն ցուցաբերում: Հայաստան միակ տարածքն է, որտեղ հայերը պատմական հնարաւորութիւն ունեն ձեւաւորելու քաղաքական եւ քաղաքացիական հանրոյթ, սակայն այդ գործընթացը տեղի չի ունենում>>, ըսած է հնագէտը եւ օրինակ բերած Իսրայէլը: <<Պետութիւն, որը պայքարում է սեփական հողակտորի համար, որպէս սրբութիւն է վերաբերւում մշակութային արժէքներին, իսկ մեր պարագայում ոչնչացւում է>>, ցաւ յայտնած է ան:
Հոգածութեան պակասի մասին խօսած են նաեւ քարանձաւագէտները՝ անդրադառնալով աշխարհի մէջ բացառիկ նկատուող յայտնագործութեան մանրամասնութիւններուն։ Քարանձաւագիտական կեդրոնի նախագահ Սամուէլ Շահինեան եւ Հայ-իտալական քարանձաւագիտական միացեալ արշաւախումբի ղեկավար, քարանձաւագէտ Սմբատ Դաւթեան <<Ռադիօլուր>>ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին՝ խօսելով քարանձաւին մէջ յայտնաբերուած ժայռանկարին մասին, փոխանցեց իտալացիներուն բնորոշումը՝ <<ֆանթասթիքա>>: <<Առաջին անգամ հայաստանեան կա-րստային քարանձաւներից մէկում յայտնաբերուեց ժայռանկար, որն իր ոճով նման է իսպանական Ալտամիրայի քարանձաւում առկայ ժայռանկարներին: Առայժմ ուսումնասիրութիւն չի արուել, բայց նախնական թուագրութեամբ պալէոլիթի շրջանի է՝ 10-12 հազար տարի>>, նշած է Դաւթեան: Լրագրողը ուզած է գիտնալ, թէ ո՛ւր կը գտնուի գտածոն, սակայն Դաւթեան դիտել տուած է, որ ներկայիս այդ մէկը գաղտնի կը պահուի՝ ժայռապատկերը փրկելու մտավախութեամբ, քանի որ այսօր չակերտաւոր <<պահպանուող>> բազմաթիւ քարանձաւներն իսկ ոչնչացման եզրին են: Խօսքը 20-22 քարանձաւներու մասին է, իսկ առկայ շուրջ 10 հազար քարանձաւէն 100ը կրնան օգտագործուիլ զբօսաշրջութեան նպատակներով: Որպէս օրինակ ան յիշած է Մագիլի քարանձաւը, որուն մէջ առկայ պրոնզէ դարու շերտը վայրագօրէն ոչնչացուած է:
Քարանձաւագէտներու միութեան նախագահ Սամուէլ Շահինեան, իր կարգին, <<Ռադիօլուր>>ին փոխանցած է, որ քարանձաւներու պահպանութեան առումով պէտք է յստակ ռազմավարութիւն մշակուի, որովհետեւ մէկը պէտք է պատասխանատու ըլլայ. <<Անանուն տէրեր չեն լինում>>, ընդգծած է ան:
Քարանձաւներէն բացի կան նաեւ այլ կարեւոր ուսումնասիրութիւններ:
Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Պաւել Աւետիսեան եւս իրենց կատարած պեղումներուն արդիւնքներուն մասին ըսած են, որ պատմութիւնը կը գրուի երկու աղբիւրներու հիման վրայ՝ գրաւոր եւ հնագիտական պեղումներու. եթէ նախապէս գրաւոր տուեալները գերիշխող էին, այսօր արդէն 99 տոկոսով հնագիտականը, եւ ամէնէն տպաւորիչ արդիւնքը Աւետիսեան նկատած է Գեղարօտի պեղումներուն ընթացքին ձեռք բերուածը։ Ան դիտել տուած է, որ հոն աշխատած է հայ-ամերիկեան արշաւախումբը, եւ հոնկէ յայտնաբերուած են Քրիստոսէ առաջ երրորդ հազարամեակի առաջին կէսի կառոյցները, որոնք գերեզմաննոցին մաս կազմած են եւ ծիսական նշանակութիւն ունեցած:
2016 թուականին մեծածաւալ աշխատանքներ կատարուած են նաեւ <<Սօլակ-1>> հնավայրին մէջ, ուսումնասիրուած են եւ կ՛ուսումնասիրուին Վանի թագաւորութեան շրջանի արքայական կառոյցներուն բնորոշ յատակագիծով ամրոց-դղեակը, որ սակայն ոչ արքայական արհեստանոցներուն մէջ պատրաստուած նիւթերով հնավայր է: Պեղումներու փուլին մէջ է Վիշապ քարակոթողներու ուսումնասիրութիւններու ծրագիրը, որ բացառիկ է անով, որ 3000 մեթրի վրայ կը կատարուին աշխատանքները, քանի որ որպէս կանոն հնագիտական յուշարձանները Կովկասի մէջ 2400 մեթրը չեն անցնիր:
Քարակոթող յայտնաբերուած է նաեւ Գառնի տաճարի տարածքին, ուր Վանի թագաւորները սեպագիր արձանագրութիւն ձգած են: Ասկէ կարելի է հետեւցնել, որ անոնք աւելի հին են, քան Վանի թագաւորութեան շրջանը:
Թէյշեբաինի դամբարանադաշտին մէջ, կամ ինչպէս ժողովուրդը կ՛ըսէ՝ Կարմիր բլուրի մէջ, եւ Աղձքի մէջ իրականացուած բացառիկ հետազօտութեան իբրեւ արդիւնք յայտնաբերուած Թէյշեբաինի պարագային հայոց փոխարքայի պրոնզէ կերտուած ցլագլուխ կեռ մականը, իսկ երկրորդին պարագային՝ հայոց արքաներուն մասունքները:
Նշենք, որ Կարմիր բլուրի պեղումներէն գտնուած մականը եւ պեղումները հերքեցին ուրարտացիներուն անյայտ ծագում ունենալու պնդումները։ <<Ուրարտացին եղել է Արարատեան դաշտի բնիկը>>, հաստատած է Յակոբ Սիմոնեան՝ աւելցնելով. <<Խորապէս համոզուած եմ, որ Ուրարտուն դա հայկական կայսրութիւն է, իր բազմաշերտ բնակչութեամբ, որտեղ գերակշռողը եղել է հայկական տարրը>>։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ