By Asbarez | Wednesday, 11 January 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Կառավարութեան պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները մտադիր են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Տուպայ քաղաքին մէջ բանալ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսարան: Ըստ կայքին՝ արդէն պատրաստ են նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի համապատասխան որոշումներու նախագիծերը: Հարցը պիտի քննարկուի գործադիրի յառաջիկայ նիստին:
Տուպայը աշխարհի առեւտրատնտեսական կարեւորագոյն կեդրոններէն է: Ըստ կառավարութեան ունեցած տուեալներուն՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, մասնաւորապէս Տուպայի մէջ բնակող Հայաստանի քաղաքացիներուն թիւը կը տատանի 2500-3000ի միջեւ: Շաբաթական դրութեամբ կը կատարուի 4-5 կանոնաւոր թռիչք, աւելցած է Տուպայի ճամբով տարանցիկ այլ երկիրներ մեկնող Հայաստանի քաղաքացիներուն թիւը, ինչպէս նաեւ՝ բեռնափոխադրումները:
Տուպայի մէջ կը գործէ շուրջ 70 հիւպատոսութիւն: Նկատի ունենալով վերոյիշեալները, աշխարհագրական առումով Հայաստանին մօտ ըլլալու հանգամանքը, Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ հայկական գործարար շրջանակներու ներկայացուածութիւնը, ինչպէս նաեւ վերջին տարիներուն Էմիրութիւններու գործարար շր-ջանակներուն հետաքրքրուածութիւնը Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու՝ իշխանութիւնները նպատակայարմար կը գտնեն Տուպայ քաղաքին մէջ հիմնել Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւն՝ որպէս հիւպատոսական տարածք ներառելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հիւսիսային էմիրութիւնները:
Ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած տեղեկութիւններուն՝ Մարտ 2016ի դրութեամբ Հայաստան դեսպանութիւններ ունի աշխարհի 93 երկիրներու մէջ, հիւպատոսական հիմնարկներ՝ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Վրաստանի, Ուքրանիոյ եւ Սուրիոյ 9 քաղաքներու մէջ։ Այսպիսով Տուպայը պիտի ըլլայ 10րդ քաղաքը, ուր Հայաստան հիւպատոսարան պիտի ունենայ:
Իսկ 33 քաղաքներու մէջ Հայաստան ունի պատուաւոր հիւպատոսներ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ