Պէտք Է բանակին դռները բաց պահել կիներուն դիմաց

By Asbarez | Wednesday, 11 January 2017

 

0111viken

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ մարդու իրաւունքներու նիւթով կայացած հանդիպման ընթացքին, 10 Յունուարին պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան անդրադարձած է բանակին մէջ կիներու ներգրաւուածութեան եւ անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերուն:

<<Այս կառոյցի հէնց առնականութեան շնորհիւ տղամարդիկ այստեղ ոչնչից չեն վախենում, նոյնիսկ կանանցից, դրա համար մեծ սիրով ուզում ենք հասկանալ բոլոր այն ուղիները, որոնցով կանայք կարող են աւելի ակտիւ դեր խաղալ զինուած ուժերում>>, ըսած է ան։

Նախարարը դիտել տուած է, որ այսօր բանակին մէջ աշխատանք կը տարուին այնպիսի արհեստագիտական միջոցներով, այնպիսի մասնագիտութիւններով, որ որեւէ սահմանափակում կամ որեւէ բարդութիւն չկայ կիներու ներգրաւման համար, ընդհակառակը՝ կարելի է աւելի դիւրին գտնել այդ կարելիութիւնները:

<<Մենք աւելի լայն պէտք է նայենք այդ հնարաւորութիւններին եւ բացարձակ նպատակ չունենալով ժամկէտային զինծառայութիւն առաջարկել կանանց՝ որպէս երկրի խոշորագոյն գործատու պէտք է բաց պահենք մեր դռները բոլոր այն կանանց առաջ, ովքեր ցանկութիւն ունեն իրենց մասնագիտական կեանքը կապել զինուած ուժերի հետ: Դա կարող է լինել ինչպէս ոչ մարտական զօրամասերում, այնպէս էլ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զօրամասերում, եթէ դրա պայմանները բանակը ի վիճակի լինի պատշաճ մակարդակով ստեղծել>>, ըսած է ան։

Նախարարը նշած է, որ բանակին մէջ կիներու ներգրաւուածութեան փորձը այլ երկիրներէ պէտք է ներդրել այնքան, որքան ատիկա պահանջուած է Հայաստանի հասարակութեան մէջ: Ան յայտնած է, որ սահմանամերձ համայնքներուն մէջ վարժանքներու կայացման ատեն համայնքի կիները պահանջած են, որ իրենք եւս մաս կազմեն անոնց, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ հետաքրքրութիւն կայ։

 



comments