Հաղորդագրութիւն

By Hamazkaine | Thursday, 12 January 2017

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը այսու կու գայ հայ գրասէր հանրութեան եւ հայերէնի ուսուցման մարզին մէջ մասնագէտներու ուշադրութեան յանձնելու, թէ առ ի գործադրումն Համազգայինի Է. Պատգամաւորական Ժողովի որոշումներուն, իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ համացանցային ոլորտին մէջ հայերէնի տարածման, ինչպէս նաեւ նորահաս սերունդի հայերէնի ճանաչողութեան գործին։

Առ այդ, այսու կը յայտարարենք թողարկումը մանկական ձեռագիր <<ԱՐԴԻ>> տառատեսակին, զոր կարելի է օգտագործել տպագրական հաստատութիւններու, մանուկներու յատուկ հրատարակութեան պատրաստուող գործերու խմբագիրներուն, եւ մանաւանդ հետեւեալ տպագրական ծրագիրներուն համար CoralDraw, Quarkxpress, Indesign, Illustrator, Photoshop, եւայլն:

<<ԱՐԴԻ>>  տառատեսակի օգտագործմամբ, մանուկը պիտի կարենայ հայերէն գիրերը տեսնել այնպէս, ինչպէս ինք կը սորվի դպրոցին մէջ, ինչ որ աւելի դիւրըմբռնելի կ՛ըլլայ մանուկին համար եւ մտքին մէջ երկուութիւն չի ստեղծուիր։ Յայտնենք, որ այս տառատեսակի օգտագործմամբ միանմանութիւն կը ստեղծուի թէ՛ դպրոցական գիրքերու, թէ՛ քովնտի հրատարակութիւններու եւ թէ <<ԱՐԴԻ>>  գործիքներու վրայ զանազան խաղերու (app) համար օգտագործուած տառատեսակներուն մէջ։

<<ԱՐԴԻ>>  տառատեսակը կարելի է ներբեռնել անվճար, դիմելով Համազգայինի կայքէջին, հետեւեալ հասցէով՝ http://www.hamazkayin.com/arti/։

Համազգայինի

Կեդրոնական Վարչութիւն

9 Յունուար 2017

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement