Վարչապետը հանդիպում ունեցած է դեսպաններու հետ

By Asbarez | Friday, 13 January 2017

0113varchabed

ԵՐԵՒԱՆ - Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտար պետութիւններու դեսպաններուն, միջազգային կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն ու ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի կառավարութեան գործունէութեան, բարեփոխումներու օրակարգին, տնտեսական զարգացման ծրագիրներուն, փտածութեան դէմ պայքարին վերաբերող քայլերուն եւ նախաձեռնութիւններուն։

Վարչապետը կարեւոր նկատած է դիւանագիտական կազմին հետ նման ձեւաչափով պարբերական հանդիպումներու կայացումը՝ համագործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման նպատակով եւ նշած, որ կառավարութիւնը բաց է խորհուրդներու, քննադատութեան, առաջարկներու համար:

<<Չափազանց կարեւորում եմ, որ դուք Հայաստանի զարգացման վերաբերեալ մեր պատկերացնումները հասցնէք այն երկրներին ու կառոյցներին, որոնք ներկայացնում էք: Համագործակցութիւնից ակնկալիքներն ու սպասումները չափազանց մեծ են՝ սկսած ներդրողներից, մասնագիտական մշակոյթից, տուրիզմից, որովհետեւ մենք, առանց հանրութեանը, առանց աշխարհին համապատասխան ազդակներ յղելու, առանց ցոյց տալու, որ բաց ենք եւ սպասում ենք իրենց, մեր երկիրը չենք կարողանալու զարգացնել: Այս առումով, մենք ակնկալում ենք ձեր աջակցութիւնը>>, ըսած է Կարէն Կարապետեան:

Անդրադառնալով յառաջիկային կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ Կարէն Կարապետեան ընդգծած է. <<Այս ընտրութիւններից մենք սպասում ենք սկզբունքօրէն նոր որակ: Մենք պատրաստակամ ենք անել ամէն ինչ, որպէսզի այս ընտրութիւնները լինեն թափանցիկ>>:

Գործադիրի ղեկավարը աւելցուցած է, որ նոր կազմուած կառավարութիւնը ամփոփած է գործունէութեան 100 օրը եւ շեշտած, որ այս ժամանակաշրջանին կառավարութեան խումբը առաւելագոյն ջանք ի գործ դրած է՝ ծառացած խնդիրներու ախտորոշման նպատակով: Կարէն Կարապետեան տեղեկացուցած է, որ յառաջիկային հաշուետուութեամբ պիտի ներկայացուին այս փուլին, ըստ ոլորտներու, կատարուած աշխատանքները:

<<Կարծում եմ, որ կառավարութեան թիմի անդամներն արդէն զգում են իրենց ոլորտների զարկերակները եւ այն, թէ ինչ է պէտք անել: Խնդիրները բազմաթիւ են, տնտեսական բլոկի հիմնական խնդիրն է՝ բիզնեսի համար մաքսիմալ հաւասար, բաց եւ արդար պայմանների ստեղծումը: Եւ այդ առումով, մենք յայտարարել ենք, որ շատ փոփոխութիւններ պէտք է անենք ու առաջին հերթին մենք պէտք է փոխուենք>>, նշած է գործադիրի ղեկավարը:

Կարէն Կարապետեան ընդգծած է, որ ներդրումային միջավայրի բարելաւման նպատակով կը նախատեսուի հարկային եւ մաքսային վարչարարութեան գործընթացի պարզեցում եւ ամբողջական անցում ելեկտրոնային համակարգին, ինչ որ պիտի նուազեցնէ փտածութեան վտանգները։

Խօսելով փտածութեան դէմ պայքարին մասին՝ վարչապետը շեշտած է, որ կառավարութիւնը մնայուն ուշադրութիւն կը դարձնէ այս հարցին եւ հետեւողական քայլերու կը ձեռնարկէ փտածութեան ցուցանիշներու մակարդակը նուազեցնելու ուղղութեամբ՝ միջավայրը փոխելու միջոցով: Կարէն Կարապետեանի համաձայն՝ հրապարկուելիք հաշուետուութեան մէջ պիտի ներկայացուին նաեւ այդ ուղղութեամբ կառավարութեան առած քայլերը:

<<Ներկայացնելու ենք, թէ դրանց որ մասն է միտուած բիզնես միջավայրին, որ մասն է ուղղուած միջավայրի փոփոխութեանը, որպէսզի կոռուպցիայի համար ստեղծուեն առաւելագոյն խոչընդոտները: Ստուերի դէմ չպայքարելով, կոռուպցիայի դէմ չպայքարելով, ստուերը սպիտակ դաշտ չտեղափոխելով, բիզնեսի համար արդար ու թափանցիկ միջավայր չստեղծելով՝ մենք չենք կարողանալու առաջընթաց ապահովել>>, ընդգծած է կառավարութեան ղեկավարը:

Հանդիպման աւարտին վարչապետը պատասխանած է ներկաները հետաքրքրող բոլոր հարցումներուն:

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement