Նահանգապետարանը չէ կրցած պաշտօնական պատասխան յղել Պոլսոյ Պատրիարքարանին

By Asbarez | Monday, 16 January 2017




Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը տակաւին չէ ստացած Պոլսոյ նահանգապետարանին կողմէ ընդունելութեան թուականին վերաբերեալ պաշտօնական պատասխանը: Սպասուած հանդիպման Պոլսոյ Հայոց նոր պատրիարքի ընտրութիւններուն հետ կապուած պատրիարքարանին կից յանձնաժողովը պէտք է նահանգապետարանին ներկայացնէր ընտրութիւններ կայացնելու վերաբերեալ եկեղեցական խորհուրդին որոշումը եւ յստակացնէր ընտրութիւններու կայացման ժամկէտները։

Ըստ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ Աթէշեանի՝ նահանգապետարանը չէ կրցած պաշտօնական պատասխան յղել պատրիարքարանին <<չափազանց խիտ ժամանակացոյցի պատճառով>>:

Ս. Ծննդեան տօնին ընթացքին իր շնորհաւորական խօսքին մէջ Աթէշեան, անդրադառնալով համայնքը յուզող հարցին, յայտնած է, որ եթէ նահանգապետարանի պատասխանը ուշանայ, իրենք նամակը կը փոխանցեն առանց ընդունելութեան սպասելու:

Ըստ <<Ակօս>>ի՝ պատրիարքարանի ներկայացուցիչները դիմում-նամակը նահանգապետարանին կը յանձնեն յառաջիկայ օրերուն:

<<Մինչդեռ դիմում-նամակին վերաբերեալ համայնքին մէջ տակաւին շարք մը անպատասխան հարցեր կան: Մասնաւորապէս այն, թէ ինչ ձեւակերպումներ կը պարունակէ դիմումը. այնտեղ ընտրութիւն կայացնելու թոյլտուութի՞ւն կը խնդրուի, թէ պարզապէս կ՛ակնկալուի յստակացնել ընտրութիւն կայացնելու թուականը>>, կ՛եզրափակէ <<Ակօս>>ը:

 

comments