By Asbarez | Thursday, 19 January 2017
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Շաբաթ, 14 Յունուարի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր տէրը: Հանդիպման ներկայ էին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան եւ հոգեւոր տիրոջ ընկերացող չորս բարձրաստիճան հոգեւորականներ:
Հոգեւոր տէրը յատուկ պատուիրակութեամբ մը եկած էր շնորհաւորելու Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Սուրիա կատարած իր այցելութեան համար: Այս առիթով հայ կաթողիկէ պատրիարքը Հալէպի վերականգնումին եւ վերաշինութեան գծով իր եւ իր համայնքին ամբողջական զօրակցութիւնը եւ մասնակցութիւնը խոստացաւ Արամ Ա. կաթողիոսին:
Հանդիպման ընթացքին յատուկ զեկուցումով հանդէս եկան Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ սրբազան հայրը եւ Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանը, որոնք նախ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին, մասնաւորաբար Հալէպ կատարած իր գօտեպնդող այցելութեան համար, եւ խօսեցան վեհափառ հայրապետին վերականգնումի կոչէն բխող գործնական առաջարկներուն եւ կատարուելիք աշխատանքներուն մասին:
Թէ՛ վեհափառ հայրապետը եւ թէ հոգեւոր տէրը իրենց լաւատես եւ դրական հեռանկարները պարզեցին Հալէպի վերականգնումին ու վերաշինութեան գծով եւ թելադրեցին հոգեւոր հայրերուն զանազան բարեսիրական միութիւններու օժանդակութիւնը ապահովել ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի Հալէպի վերաշինութեան համար:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ