By Asbarez | Saturday, 21 January 2017

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 20 Յունուարին պաշտպանութեան նախարարութեան Դիլիջանի <<Լեռնային Հայաստան>> առողջարանին մէջ հանդիպում ունեցած է վերջին ամիսներուն զօրացրուած, ծառայութեան ընթացքին անձնուիրութեամբ ու խիզախութեամբ ուշադրութիւն գրաւած զինուորներուն հետ, որոնց մեծ մասը մասնակցած է մարտական գործողութիւններուն՝ հակառակորդին ոտնձգութիւններէն պաշտպանելով հայրենիքը:
Հանդիպման մասնակցած է նաեւ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան։
Նախագահը ողջունած է հանդիպման մասնակիցները՝ շնորհակալութիւն յայտնելով լաւ ծառայութեան համար եւ խօսքը ուղղած է ո՛չ միայն ներկաներուն, այլ բոլոր զօրացրուած զինուորներուն: Նշելով, որ նախորդ տարի մեր զինուորներուն ծառայութիւնը համընկեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Ապրիլին անոնք դիմագրաւեցին հակառակորդին հարուածը եւ պատուախնդրութեամբ պաշտպանեցին հայրենիքը, նախագահը ընդգծած է, որ զօրացրուելէ ետք եւս անոնք հայրենիքի զինուորը կը մնան՝ ուր եւ որ բնագաւառին մէջ ալ շարունակեն իրենց գործունէութիւնը:
<<Ի հարկէ, մենք կարօտում եւ հպարտանում ենք բոլոր այն տղաներով, ովքեր ընկան քաջի մահով: Հպարտանում ենք նաեւ բոլոր այն տղաներով, ովքեր, քաջաբար կռուելով, ողջ մնացին եւ շարունակելու են իրենց նուիրական ծառայութիւնը հայրենիքին: Ես խնդրել եմ պաշտպանութեան նախարարին կազմակերպել այս հանդիպումը, որովհետեւ ծառայող զինուորների հետ միշտ էլ հաճելի է զրուցել, բայց ծառայութեան մէջ նրանք փոքր–ինչ կաշկանդուած են լինում՝ պայմանաւորուած երկու հանգամանքով. կարծում եմ՝ հանգամանքներից մէկն այն է, որ նրանք չեն ցանկանում խօսել խնդիրների, դժուարութիւնների մասին, որպէսզի լացկանի, քրթմնջացողի դերում չյայտնուեն, որպէսզի տպաւորութիւն չլինի, թէ իրենք իրենց համար ինչ–որ լաւ պայմաններ են ուզում հայրենիքին ծառայելու համար: Բայց, ի հարկէ կայ նաեւ երկրորդ հանգամանքը՝ միշտ էլ զինուորը մտավախութիւն ունի, որ եթէ խօսի խնդրի մասին, ապա վերադասը կարող է նեղանալ: Ես կարծում եմ, որ այսօր մենք պէտք է ունենանք անկաշկանդ խօսակցութիւն, անկաշկանդ քննարկում, հասկանանք, տեսնենք, թէ ո՞րն է մեր բանակի առաւելութիւնը, որո՞նք են մեր զինուորական ծառայութեան դրական կողմերը եւ ինչի՞ ենք հասել: Բայց խօսենք նաեւ այն խնդիրների մասին, որոնք պէտք է ապագայում լուծուեն՝ աւելի մարտունակ դարձնելով մեր բանակը, որովհետեւ մենք պարտադրուած ենք ունենալ մարտունակ բանակ: Բոլոր ժողովուրդներին էլ պէտք են բանակներ, բայց կան դէպքեր, երբ այդ պէտքը դառնում է անհրաժեշտութիւն՝ կենսական անհրաժեշտութիւն: Մեզ համար մարտունակ բանակը կենսական անհրաժեշտութիւն է>>, ըսած է նախագահը:
Զօրացրուած զինուորները հետաքրքրուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի հեռանկարով, 25ամեայ հայոց բանակի մեծագոյն ձեռքբերմամբ, պաշտպանութեան նորանշանակ նախարարին կողմէ հռչակուած <<Ազգ–բանակ>> հայեցակարգի գործադրութեան մէջ զօրացրուած զինուորին դերակատարութեամբ, հասարակութեան մէջ սպայի կերպարի ճիշդ ներկայացման, անոր հեղինակութեան բարձրացման կարելիութիւններով, հակառակորդին կողմէ ծաւալող սպառազինութիւններու մրցավազքի պարագային հայկական կողմին հնարաւոր պատասխանով, մարտական հերթապահութեան մէջ ներգրաւուած զինուորներուն կրթաթոշակներու փոխհատուցման ծրագիրով եւ բանակաշինութեան ու պաշտպանութեան ոլորտին վերաբերող շարք մը այլ թեմաներով:
Հանրապետութեան նախագահը զրոյցին ընթացքին զինուորներէն լսած է զինք հետաքրքրող հարցումներուն պատասխանները, թէ՝ զինուորները ի՞նչ կ՛ուզեն, որ փոխուէր բանակին մէջ, ի՞նչ խնդիրներ ունին, ի՞նչ տուած է բանակին մէջ ծառայութիւնը հայրենիքին առջեւ իրենց պարտքը կատարած զինուորներուն, ո՞վ է ամէնէն յիշուած հրամանատարն ու ինչո՞ւ, մինչեւ մարտական գործողութիւնները զինուորներուն ստացած գիտելիքները բաւարա՞ր էին մարտական գործողութիւններուն արդիւնաւէտ մասնակցելու համար, մտադի՞ր է, արդեօք, հանդիպման մասնակիցներէն ոեւէ մէկը ներգրաւուիլ պայմանագրային ծառայութեան մէջ կամ դառնալ սպայ, բանակին մասին անոնց պատկերացումները որքանո՞վ կը համապատասխանեն մինչեւ զօրակոչուիլը անոնց ունեցած ակնկալութիւններուն, զօրացրուելէ ետք կապ կը պահե՞ն ծառայակից ընկերներուն հետ:
Հանդիպման լոյսին տակ նախագահը պաշտպանութեան նախարարութեան տուած է շարք մը յանձնարարականներ, որոնք կը վերաբերին ծառայութեան անվտանգութեան առաւել բարձրացման, զինուորներու գաղափարական դաստիարակութեան եւ ազատ ժամանակի կազմակերպման ուղղութիւններով աշխատանքի զարգացման ու կատարելագործման, նոր սպառազինութեան ձեռքբերման զուգընթաց համապատասխան մասնագէտներու շարունակական ուսուցման ու պատրաստութեան, ուսումնական կեդրոններուն մէջ, ըստ անհրաժեշտութեան, նոր ծրագիրներու ներդրման, մարտական հերթապահութեան մէջ ներգրաւուած զինուորներուն կրթաթոշակի ամբողջութեամբ վճարման ծրագիրի ներդրման համար կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան աշխատանքի շարունակութեան, պաշտպանութեան նախարարութեան <<Մոնթէ Մելքոնեան>>ի անուան ռազմամարզական վարժարանի Դիլիջան տեղափոխման՝ կառավարութեան առընթեր պետական եկամուտներու կոմիտէի նախկին ուսումնական կեդրոնի շէնք:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ