Մարգրիտ Եւ Գուրգէն Ասատուրեաններ Համազգայինի Պէյրութի Ճեմարանին Կը Կտակեն Մէկ Միլիոն Երեք Հարիւր Հազար Տոլար

By Asbarez | Tuesday, 24 January 2017

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը կը յայտարարէ, թէ Միացեալ Նահանգներէն 2011-ին հանգուցեալ Մարգրիտ եւ Գուրգէն Ասատուրեաններ Համազգայինի <<Նշան Փալանճեան ֊ ներկայիս Մ. եւ Հ. Արսլանեան>> Ճեմարանին կտակած են մէկ միլիոն երկու հարիւր իննսունինը հազար եւ քառասուն ամերիկեան տոլար:

Կեդրոնական վարչութեան որոշումով, այս գումարէն մէկ միլիոն երկու հարիւր հազար տոլար պիտի բարդուի նախապէս արդէն հաստատուած <<Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի ապահովութեան հիմնադրամ>>-ին (Endowment Fund) վրայ: Այս հիմնադրամը կը միտի նպաստել Ճեմարանը ապագային նիւթապէս ապահով եւ ինքնաբաւ դարձնելու նպատակի իրականացման:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը շնորհակալական խօսք կ՛ուղղէ բոլոր անոնց, որոնք այս կտակի յղացման եւ գործադրութեան ընթացքին` իրաւաբանական եւ գործնական ճիգ չխնայեցին, որպէսզի կտակը հասնի կտակառուին:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը երախտապարտ կը մնայ Մարգրիտ եւ Գուրգէն Ասատուրեան քոյր-եղբօր: Անոնց ազգանուէր գործունէութիւնը կը հանդիսանայ իրենց ապրած կեանքերուն լրումը, իսկ Համազգայինի <<Նշան Փալանճեան ֊ ներկայիս Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան>>-ի հանդէպ կտակով արտայայտուած իրենց հաւատքը իբրեւ ուղեցոյց պիտի ծառայէ այլոց, որ քալեն Մարգրիտ եւ Գուրգէն Ասատուրեաններու օրինակելի ճամբէն:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ

ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 


comments