By Asbarez | Monday, 23 January 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - <<Երկիր>>ի տեղեկութիւններուն համաձայն՝ 22 Յունուարի երեկոյեան հակառակորդին կողմէ մահացու հրազէնային հարուած ստացած պայմանագրային զինուոր, 22ամեայ Կարէն Մարատի Ուլուբաբեանը աշխոյժ կերպով մասնակցած է 2014ի օգոստոսեան եւ 2016ի ապրիլեան գործողութիւններուն:
Կարէնին հայրը, որ Արցախեան ազատամարտի մասնակից էր, մահացած էր տարիներ առաջ: Կարէն կը կրէր զոհուած հօրեղբօր՝ Արցախեան ազատամարտին զոհուած հերոս Կարէն Ուլուբաբեանի անունը, որուն յիշատակին ներկայիս հերոսի անկիւն կայ Մարտունի 3ի մէջ: Կարէնին եղբայրն ալ ներկայիս կը ծառայէ նոյն զօրամասին մէջ:
2014ի Օգոստոսին Կարէնը իր ընկերներուն հետ կասեցուցած է Մարտունիի ուղղութեամբ հակառակորդին ձեռնարկած ներթափանցման փորձը, որուն ընթացքին հակառակորդը ունեցած է 4 մեռեալ եւ 3 վիրաւոր: Այդ ընթացքին հայկական կողմը տուած էր 1 զոհ եւ 4 վիրաւոր:
<<Իր հօր ու հօրեղբօր պէս հայրենասէր էր, նուիրուած, անվախ, դուխով տղայ>>, <<Երկիր>>ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Կարէնի նախկին ծառայակից Գառնիկ Դաւթեան:
Ան պատմած է, որ Կարէն եղած է հակառակորդին ներթափանցման փորձը նկատող առաջին զինուորը, եւ եթէ աչալուրջ չըլլար, այդ օրը զոհեր պիտի արձանագրուէին: <<Առաջինը նա տեսաւ, անմիջապէս տեղեկացրեց: Իրար հետ ենք կրակել թշնամու ուղղութեամբ>>, ըսած է Դաւթեան:
Կարէն Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունի շրջանէն է, պայմանագրային ծառայութեան սկսած է 14 Օգոստոս 2016ին։
Նշենք, որ 22 Յունուարէն 23 Յունուար լուսցող գիշերը ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ հակառակորդը հիմնականին մէջ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, զինադադարի դրութիւնը խախտած է աւելի քան 55 անգամ՝ հայ սահմանապահներուն ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 430 կրակոց: Շփման գիծի արեւելեան ուղղութեամբ ատրպէյճանական զինուժը առաւել աշխոյժ կրակած է արձակազէնի հրացաններէ (92 կրակոց), ինչպէս նաեւ գործածած է 82 միլիմեթրանոց ականանետ (2 արկ): Բանակի յառաջապահ զօրամասերը հակառակորդին նախայարձակ գործողութիւնը ճնշելու համար դիմած են պատասխան գործողութիւններու եւ շարունակած իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ