By Asbarez | Saturday, 28 January 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայկական բանակի կազմաւորման 25ամեակին առիթով պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ հրապարակուեցաւ եւ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ երկու նոր դրոշմաթուղթ՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի, փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան նախարար Վահան Մարտիրոսեանի, <<Հայփոստ Թրաստ Մենեջմեն>>չի գլխաւոր տնօրէն Խուան Փապլօ Գեչիջեանի եւ շարքային զինուոր, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի մասնակից, ատրպէյճանական ուղղաթիռը խոցած Նարեկ Մալխասեանի կողմէ:
Դրոշմաթուղթերէն մէկուն վրայ պատկերուած են Հայաստանի զինուած ուժերու զօրքերու որոշ տեսակները եւ Հայաստանի զինուած ուժերու զինանշանը:
Երկրորդին վրայ պատկերուած է հայ զինուորներու շարքը՝ ծածանող Եռագոյն դրօշի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու զինանշանի համադրութեամբ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ