Ապագայ սպաները պէտք է ունենան հնարաւորութիւն ստանալ ամենաորակեալ, մրցակցային կրթութիւնը - Վիգէն Սարգսեան

By Asbarez | Saturday, 28 January 2017

 

0128viken

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ամփոփած է պաշտօնավարման 4 ամիսները, ներկայացուցած կատարուելիք աշխատանքները՝ զինուորական ծառայութեան գրաւչութեան ու զինուած ուժերուն նկատմամբ հասարակութեան վստահութեան առաւել բարձրացման, ինչպէս նաեւ զինուորներու անվտանգութեան ապահովման միտող: Ան խօսած է նաեւ հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ատեն զոհուած եւ վիրաւորուած զինուորներուն յատուկ ապահովագրութեան հիմնադրամի ստեղծման, գնումներու ընթացակարգի պարզեցման, նոր սարքերով սահմանագիծի համալրման եւ բազմաթիւ այլ ծրագիրներու մասին:

Նախարարը շատ կարեւոր նկատած է որակեալ ռազմական կրթութեան՝ շեշտելով, որ իրենց գլխաւոր նպատակներէն է այս տարուան ընթացքին Մոնթէ Մելքոնեան վարժարանը դարձնել ամէնէն առաջատար, ուժեղ աւագ դպրոցը: <<Համարում ենք, որ ապագայ սպաները պէտք է ունենան հնարաւորութիւն ստանալ ամենաորակեալ, մրցակցային կրթութիւնը։ Համոզուած ենք, որ առանց ուժեղ սպայական անձնակազմի, ամենակիրթ, հմտութիւնների ամենամեծ ծաւալ ունեցող սպայական անձնակազմի աշխատանքը չի լինի արդիւնաւէտ>>, շեշտած է ան։

Նախարարը դիտել տուած, որ պէտք է մեծ ուշադրութիւն դարձնել ռազմաուսումնական հաստատութիւններուն՝ յիշեցնելով, որ դիմած էր նախագահ Սերժ Սարգսեանին՝ ՊԵԿ ուսումնական կեդրոնը Մոնթէ Մելքոնեան վարժարանին յանձնելու եւ որպէս նոր վայր ուսումը կազմակերպելու համար: <<Արդէն Սեպտեմբերին կը կարողանանք մրցունակ, դրական միջավայր ունենալ այն երիտասարդների համար, ովքեր կը շարունակեն ուսումն այս ուղղութեամբ>>, ըսած է պաշտպանութեան նախարարը:

Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցութեան՝ նախարարը հաստատած է, որ Հայաստան ունի բաւական աշխոյժ երկխօսութիւն՝ ռազմական փոխգործակցութեան առումով: <<Յոյս ունեմ, որ այդ երկխօսութիւնը վերկուսակցական է եւ, անկախ Միացեալ Նահանգներում նախագահական ընտրութիւնների արդիւնքներից, Պենտագոնը կը շարունակի հետաքրքրութիւն ցուցաբերել մեր փոխգործակցութեան ծրագրերի նկատմամբ>>, ըսած է Վիգէն Սարգսեան: Նախարարը աւելցուցած է, որ Հայաստան Միացեալ Նահանգներու հետ կը գործակցի ռազմաբժշկական, զինուորական ուսուցման ծրագիրներու իրականացման ուղղութեամբ, միացեալ վարժանքներու կազմակերպումով: <<Մենք Միացեալ Նահանգների աջակցութեամբ ձեւաւորել ենք նաեւ մեր խաղաղապահ կարողութիւնները, եւ դուք լաւ գիտէք, թէ ինչպէս են մեր խաղաղապահները տարբեր վայրերում օգտագործում իրենց հմտութիւնները>>, յայտնած է նախարար Սարգսեան:

Վիգէն Սարգսեան խօսած է նաեւ Ռուսիոյ հետ ռազմական գործակցութեան մասին՝ դիտել տալով, որ Հայաստան, որպէս Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիր, կարելիութիւնը ունի ներքին գիներով Ռուսիայէն ձեռք բերելու ժամանակակից սպառազինութիւն:

<<Ռուսաստանը համարւում է գերժամանակակից զէնքեր արտադրող երկիր, մենք շարունակում ենք նրանց մօտ փնտռել այն զինատեսակները, որոնք մեզ պէտք են: Մենք ունենք այդ զէնքերը ներքին գներով ձեռք բերելու հնարաւորութիւն, եւ դուք պատկերացնում էք թէ որքան մեծ է տարբերութիւնը միջազգային գների համեմատ>>, ըսած է նախարարը:

Միեւնոյն ժամանակ, Սարգսեան աւելցուցած է, որ Հայաստան իր սպառազինութիւնը համալրելու նպատակով կը շարունակէ երկխօսութիւնը նաեւ այլ գործընկեր երկիրներու հետ: <<Մենք ունենք արդիւնքներ, նաեւ ունենք մատակարարումներ: Այսինքն, Ռուսաստանը մեր միակ ուղղութիւնը չէ, սակայն մեզ համար շատ ձեռնտու եւ շահաւէտ է այդ երկրի հետ համագործակցութիւնը>>, յայտնած է նախարարը:

Նշենք, որ ռուսական 200 միլիոն տոլարի վարկի ծիրին մէջ հայկական զինուած ուժերուն մատակարարուող սպառազինութեան մէկ մասը արդէն Հայաստան կը գտնուի:

 



comments