By Aztag Daily | Wednesday, 01 February 2017

Տղաքն ու աղջիկները երգեցին, պարեցին, ներկայացուցին Արամ Մանուկեանի գործունէութիւնը եւ այն կարեւոր փաստերն ու դրուագները, որոնք կապուած են անոր տան հետ: Պահպանուող յուշարձաններու ցանկին մէջ ներառուած այս տան մէջ Արամ Մանուկեան բնակած է 1917-1919 թուականներուն:
Ֆլեշմոպը նկարահանուած է, որպէսզի տեսանիւթը տարածուի եւ հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրուի Երեւանի պատմամշակութային յուշարձաններու եւ շինութիւններու պահպանութեան խնդիրին վրայ:
Նախարար Արմէն Ամիրեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յոյս յայտնած է, որ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ նպաստեն գաղափարի կայացման:
<<Շէնքը ներառուած է <<Հին Երեւան>> նախագիծին մէջ, որուն իրագործումէն ետք, կը կարծեմ, այս շէնքը կը դառնայ այնպէս, ինչպէս եղած էր նախապէս: Կարծիքներ կան, որ որոշ սենեակներ կարելի է թանգարան դարձնել, բայց կը կարծեմ` կենդանի շէնքը աւելի մեծ թանգարան է, քան թանգարան-շէնքը… կարեւորը վերակառուցելն է եւ շէնքին վերադարձնել այն մթնոլորտը, որ ունեցած է Առաջին հանրապետութեան տարիներուն>>, նկատել տուած է Արմէն Ամիրեան: Ան վստահեցուցած է, որ շէնքը պիտի չքանդուի, չի կրնար քանդուիլ, քանի որ օրէնքով պահպանուած է:
Լրագրողներուն հետ զրուցած է նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան, որ ներկայ էր նախաձեռնութեան: Ըստ անոր, պետութիւնը արմատական լուծում պէտք է գտնէ շէնքը թէկուզ ներկայ վիճակով պահպանելու համար, մինչեւ որ անիկա վերականգնուի: Ի վերջոյ ժողովուրդի մը ներկան ու ապագան կ՛որոշուի իր մեծերուն նկատմամբ վերաբերումով:
<<Արամ Մանուկեան աւելի քան ոեւէ մէկը մեր անկախութեան, պետականութեան խորհրդանիշն է: Մենք այսօր Երեւանի մէջ Արամի գործին համարժէք ոչ մէկ յուշարձան ունինք, իսկ անոր տունն ալ այս վիճակին մէջ է: Ամբողջ հարցը այն է, որ խոստումը կայ, պայմանաւորուածութիւնը կայ, առնուազն բանաւոր եւ սեփականատիրոջ հետ, բայց տարիներ շարունակ գործը տեղէն չէ շարժած եւ տարիներ շարունակ կը տեսնէք ինչ վիճակի մէջ յայտնուած է շէնքը>>, ըսած է Աղուան Վարդանեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ