By Asbarez | Saturday, 04 February 2017
ԼԻԼԻԹ ՄՈՒՐԱԴԵԱՆ
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան աշխատանքային այց կատարած է Գիւմրի: Կառավարութեան ղեկավարը նախ եղած է Գիւմրիի <<Շիրակ>> օդակայան, ծանօթացած անոր ենթակառուցուածքային պայմաններուն եւ յառաջիկայ ներդրումային ծրագիրներուն: Օդակայանի կառավարիչ <<Արմէնիա միջազգային օդանաւակայաններ>> ընկերութիւնը ենթակառուցուածքներու բարելաւման նպատակով պիտի իրականացնէ շուրջ 10 միլիոն տոլարի ներդրումային ծրագիր, որուն երեք միլիոնը կը ներդրուի այս տարուան ընթացքին: Աշխատանքներ կը տարուին նոր, մատչելի գինով թռիչքներ տրամադրող օդանաւային ընկերութիւններու ներգրաւման ուղղութեամբ. այդ նպատակով Գիւմրիի օդակայանը սահմանած է ծառայութիւններու ցած գիներ, որոշ ծառայութիւններ նոյնիսկ կը մատուցուին անվճար:
Վարչապետին ներկայացուած է Գիւմրիի ածիկի (հացաբոյսերու չորցուած հատիկներ) արտադրութեան գործարանի կառուցման աշխատանքներուն ընթացքը: Գործարանի գործարկումով կը ստեղծուի 200 նոր աշխատատեղ, տարեկան տալով մինչեւ 18 հազար թոն արտադրանք, Հայաստանին ապահովելով բարձրորակ ածիկի անհրաժեշտ քանակը, նաեւ արտահանման հնարաւորութիւն ստեղծելով:
Վարչապետը այցելած է նաեւ <<Լոֆ>>չ ինքնազարգացման, հանգիստի եւ ժամանցի կեդրոն, որ իր դռները բացած էր այդ օր: Կարապետեան ծանօթացած է կեդրոնի պայմաններուն, շարժապատկերի, երաժշտութեան, քանդակագործութեան, արուեստի, արհեստի եւ խոհանոցային սրահներուն:
Այնուհետեւ Կարէն Կարապետեան շրջած է Գիւմրիի <<Կումայրի>> արգելոց-թանգարանի տարածքը, մասնաւորապէս անցած է Շիրազի, Ռուսթաւելի, Աբովեան փողոցներով, որոնց վրայ կը գտնուին են պատմամշակութային նշանակութիւն ունեցող շէնքեր, շինութիւններ: Պետութիւն-մասնաւոր համագործակցութեամբ Շիրազի եւ Ռուսթաւելի փողոցներու պատմամշակութային արժէքներու վերականգնման եւ ենթակառուցուածքներու զարգացման ծրագիրի իրականացումը հնարաւորութիւն պիտի տայ խթանել Գիւմրիի տնտեսութիւնը եւ զբօսաշրջութիւնը: Ծրագիրի կեանքի կոչման նպատակով պիտի ստեղծուի յատուկ հիմնադրամ:
Կարէն Կարապետեան, անդրադառնալով միջոցներու վերադարձի հարցին՝ նշած է, որ <<որպէս նախկին բիզնեսմեն, ով բիզնեսում եղել է յաջողակ, ցանկանում եմ հաւաստիացնել, որ ներդրուած միջոցների յետվերադարձելիութիւնը լինելու է աւելի արագ, ներդրումային ֆոնդի առկայութիւնը չի սահմանափակելու բիզնեսմենների՝ որոշում կայացնելու ազատութեան աստիճանը>>:
Կառավարութեան ղեկավարը տեղեկացուցած է, որ Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէն ունի 55 միլիոն տոլարի ծրագիր, որ նախապէս վերաբաշխուած է ՀՀ տարբեր տարածաշրջաններու վրայ:
<<Մենք մտադիր ենք բանակցել եւ այդ ծրագրերի միջոցների որոշակի մասն ուղղել այս ներդրումային հիմնադրամ, ինչը նախատեսուած չէր: Ֆոնդի հիմնումը եւ այս փողոցների վերականգնումը կարեւորում ենք՝ որպէս բիզնես գործընթացների ակտիւացման կատալիզատոր եւ պետութիւնն իր բոլոր գործիքակազմերով, բիւջետային ու դրամաշնորհային հնարաւորութիւններով լինելու է այս հիմնադրամի կողքին>>, ընդգծած է Կարէն Կարապետեան:
Վարչապետը պատասխանատուներուն յանձնարարած է արագ աւարտին հասցնել ներդրումային հիմնադրամի ստեղծման աշխատանքները, միաժամանակ շարունակել ներդրողներու հետ համագործակցութիւնը՝ ծրագիրի իրականացման նպատակով:
<<ԱՐՄՌԱՏԻՕ>>
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ