By Asbarez | Saturday, 11 February 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեան Ուրբաթ, 9 Փետրուարին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց, որ մշակուած է ռազմավարական քարտէզ, յստակացնելով յառաջնայի խն-դիրները: Ճանաչելիութիւն, հասանելիութիւն եւ մատչելիութիւն ապահովելու ձգտող ռազմավարութեամբ է, որ ճամբայ ելած է պետքական կոմիտէն:
Զէյթունցեան յայտնեց, որ կը նախատեսէ ամրապնդել եւ շարունակականօրէն բարձրացնել Հայաստանի եւ հայկական զբօսաշրջային արդիւնքի մրցունակութիւնը, ապակեդրոնացնել զբօսաշրջութեան դէպի Հայաստանի մարզեր, գիւղական համայնքներ, նաեւ աշխատանք տանիլ կրօնական թուրիզմի ուղղութեամբ:
<<340 հիւրանոցային տնտեսութեան օբյեկտներ ունենք, ունենք բազմաթիւ հիւրատներ>>, Ըսաւ Զէյթունցեան եւ յայտնեց, որ մօտակայ տարիներուն շահագործման պիտի յանձնուին աւելի քան հինգ հարիւր հիւրանոցային սենեակներ:
Անդրադառնալով մատչելիութեան հարցին, Զարմինէ Զէյթիւնցեան յայտնեց, որ արտասահմանցի զբօսաշրջիկներու համար Հայաստանը մատչելի է:
<<Ցանկացած գրպանի եւ հնարաւորութեան համար Հայաստանում այսօր կան հնարաւորութիւններ>>, նշեց ան, աւելցնելով, որ Հայաստանի մէջ կարելի է գտնել հիւրանոցներ՝ ութ հազար դրամէն սկսեալ:
Զէյթունցեան նոյն օրը մասնակցեցաւ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած, Հայաստան եւ Արցախ զբօսաշրջութեան զարգացման հարցեր քննարկող կլոր սեղանին, որուն հրաւիրուած էին նաեւ զբօսա-շրջութեան ծառայութիւններ մատուցող ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ