By Aztag Daily | Tuesday, 14 February 2017

Պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան, <<Ժառանգութիւն>> կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան եւ նախկին արտաքին գործոց նախարար, <<Համախմբում>> կուսակցութեան առաջնորդ Վարդան Օսկանեան յառաջիկայ ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին միասնական ցուցակով:
<<Ժառանգութիւն>> կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան <<Ազատութիւն>> ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց, որ ոչ թէ իրենք կը միանան որեւէ դաշինքի, այլ, մտահոգուած ըլլալով երկրին մէջ ստեղծուած վիճակով, երեք պետական գործիչներ գործունէութեան միասնական հարթակ ստեղծած են:
Պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախկին նախարարները յուշագիր պիտի ստորագրեն:
Նշենք, որ պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանի շուրջ դաշինք ձեւաւորած էին Վարդան Օսկանեանի <<Համախմբում>> եւ Վիքթոր Դալլաքեանի <<3-րդ Հանրապետութիւն>> կուսակցութիւնները: Վերջինս, սակայն, ըստ լրատուամիջոցներու տեղեկութիւններուն, մտադիր է լքել համագործակցութեան այս ձեւաչափը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ