By Asbarez | Tuesday, 14 February 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Տարածքային կառավարման նախարար Դաւիթ Լոքեան, պատասխանելով <<Նիուզ>> լրատուական գործակալութեան թղ-թակիցին հարցումներուն, թէ <<այս ընտրապայքարում արդեօք կարողանալո՞ւ է ՀՅԴն նուազագոյն շեմը յաղթահարել՝ ըսած է, որ Հայաստանի մէջ առանձնապէս բարձր ցուցանիշ ունեցող կուսակցութիւն չկայ:
<<Ես չեմ կարծում, որ Դաշնակցութիւնը ցածր ցուցանիշներով է մտնում ընտրական պրոցեսի մէջ, առանձնապէս բարձր ցուցանիշ ունեցող կուսակցութիւն չկայ, երկրորդը՝ ես համոզուած եմ, որ Դաշնակցութիւնը լաւագոյն արդիւնքներով է դուրս գալիս էս ընտրութիւններին եւ, բնականաբար, պէտք է շատ ակտիւ աշխատեմ կուսակցութեան համար, պէտք է արձակուրդ վերցնեմ ու քարոզչութիւն անեմ, բացատրեմ՝ Դաշնակցութիւնն ինչ է անելու>>, ըսած է Լոքեան:
Դաշնակցութիւնը կ՛ակնկալէ՞, որ պիտի յաղթահարէ Ազգային ժողով մտնելու նուազագոյն շեմը: Այս հարցումին պատասխանելով՝ Լոքեան ըսած է, որ <<Հինգ տոկոս յաղթահարել ենք, երբ 2012ին ընդդիմութիւն ենք եղել, աւելի բարձր հաւաքել ենք, երբ որ 2009ին իշխանութիւն ենք եղել: Դաշնակցութիւնը կը հաւաքի բաւականին լուրջ տոկոսներ այս ընտրութիւններում>>:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ