Դաշնակցութիւնը Նոր Սկիզբ, Արդար Հայաստան կարգախօսով կը մտնէ ընտրապայքար

By Asbarez | Thursday, 16 February 2017



ԵՐԵՒԱՆ - ՀՅԴն <<Նոր Սկիզբ, Արդար Հայաստան>> կարգախօսով պիտի պայքարի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն, յայտարարեցին ՀՅԴի ներկայացուցիչները, Չորեքշաբթի օր հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:

ՀՅԴ նախընտրական շտապի պետ Աղուան Վարդանեան բացատրեց, որ՝ Արդար Հայաստան, որովհետեւ իրենց համար արդարութիւնը ամէն բանի հիմքն է եւ բարձրագոյն արժէք է:

<<Արդար Հայաստանը ազատ Հայաստանն է: Արդար Հայաստանը զարգացող, ուժեղ, ինքնիշխան, բարեկեցիկ, երիտասարդ, իրաւունքի, հոգեւոր մշակոյթի Հայաստանն է>>, ըսաւ ան:

Սոյն ասուլիսին ընթացքին Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները հրապարակեցին կուսակցութեան ընտրական ցուցակը:

ՀՅԴ համապետական ցուցակի առաջին եռեակը  կը գլխաւորեն‘ Արմէն Ռուստամեանը, Աղուան Վարդանեանը եւ Դաւիթ Լոքեանը:

Ցուցակի առաջին կին թեկնածուն Արմէնուհի Կիւրեղեանն է՝ Վանաձորէն:

Առաջին տասնեակին մէջ են նաեւ Կրթութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանը, Բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեանը, Արմէն Բաբայեանը, Ռուզաննա Առաքէլեանը, Սպարտակ Սէյրանեանը եւ Միքայէլ Մանուկեանը:

ՀՅԴ համամասնական ցուցակը ունի 170 անուն, որոնցմէ 45ը անկուսակցական են: Յայտնի վիրաբոյժ Արտաւազդ Սահակեան ցուցակի 13րդն անունն է, մէկ այլ վիրաբոյժ՝ Տարօն Տօնոյեանը առաջադրուած է տարածքային ցուցակով:

Ստորեւ ՀՅԴի տարածքային ընտրական ցուցակները՝ ըստ ընտրատարածքներու:

Թիւ մէկ ընտրատարածք՝ (Աւան, Նոր Նորք, Քանաքեռ Զէյթուն) Առաքէլեան Ռուզաննա, Գեղամեան Վահան, Լոքեան Սերգէյ:

Թիւ 2 ընտրատարածք՝ (Արաբկիր, Աջափնեակ, Դաւիթաշէն) Մանուկեան Միքայէլ, Վարդանեան Յովհաննէս, Յարութիւնեան Անահիտ:

Թիւ 3 ընտրատարածք՝ (Մալաթիա, Սեբաստիա, Շէնգաւիթ) Եղիազարեան Արթուր, Սահակեան Մհեր, Սարգսեան Սամուէլ:

Թիւ 4 ընտրատարածք՝ (Կեդրոն, Էրեբունի Նուպարաշէն) Գրիգորեան Լեւոն, Եսայեան Բագրատ, Յարութիւնեան Անահիտ:

Թիւ 5 ընտրատարածք՝ (Արարատի մարզ) Բաբայեան Հայրապետ, Չօբանեան Արտակ, Վարդանեան Արա:

Թիւ 6 ընտրատարածք՝ (Արմաւիրի մարզ) Մինասեան Արծուիկ, Գաբրիէլեան Գագիկ, Կարապետեան Անդրանիկ, Թամայեան Հասան:

Թիւ 7 ընտրատարածք՝ (Արագածոտնի մարզ) Տօնոյեան Տարօն, Շահինեան Գուրգէն, Շահազիզեան Կարէն:

Թիւ 8 ընտրատարածք՝ (Գեղարքունիքի մարզ) Սաղաթէլեան Իշխան, Նիկոյեան Արտաշէս, Բարսեղեան Սարիկ:

Թիւ 8 ընտրատարածք՝ (Լոռու մարզ) Մարտուն Մաթեւոսեան, Զօհրապ Թորոսեան, Կիւրեղեան Արմէնուհի:

Թիւ 9 ընտրատարածք՝ (Կոտայքի մարզ) Մանասեան Մուշեղ,  Յունանեան Արտաշ, Սարգսեան Հայկ:

Թիւ 10 ընտրատարածք՝ (Շիրակի մարզ) Մանուկեան Ռոմիկ, Կուրղինեան Աշոտ, Մաթիլեան Յակոբ:

Թիւ 11 ընտրատարածք՝ (Սիւնիքի եւ Վայոց Ձորի մարզեր)  Գէորգեան Գագիկ, Պետրոսեան Նունէ, Սարգսեան Արտակ:

Թիւ 12 ընտրատարածք՝ (Տաւուշի մարզ)  Արտաւազդ Սահակեան, Մանուկեան Սուրէն, Ալեքսանեան Վարդան:

 

comments