By Asbarez | Thursday, 16 February 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան այցելեց <<Ռազմավարական նախաձեռնութիւնների կենտրոն>>, ուր խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի մէջ զանազան ներդրումի ծրագրերու եւ կառավարման ոլորտին մէջ Սփիւռքի ներգրաւման ու գոյութիւն ունեցող ներուժի օգտագործման ուղղուած հարցեր:
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մանրամասն կերպով ներկայացուց Սփիւռքի հայկական գաղթօջախներուն հետ համագործակցութեան ուղղութիւնները եւ նշեց, որ կազմուած է աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ հայ համայնքներուն հետ յարաբերութիւններու լայն ցանց մը: Ըստ Հրանոյշ Յակոբեանի՝ կատարուած են լայնածաւալ աշխատանքներ Սփիւռքի կարելիութիւնները Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման համար ուղղելու նպատակով, որոնց իբրեւ արդիւնք կան բազմաթիւ յաջող օրինակներ:
Վարչապետ Կարապետեան կարեւոր նկատեց Սփիւռքի հետ աշխոյժ համագործակցութիւնը եւ նախարարին յանձնարարեց շահագրգիռ գերատեսչութիւններու, <<Ռազմավարական նախաձեռնութիւնների կենտրոն>>ի հետ, արդէն մշակուած ներդրումի ծրագրերու փաթեթները հետեւողականօրէն ներկայացնել սփիւռքահայ ներդրողներուն:
Կարէն Կարապետեան ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմուած ցանցը աւելի առարկայական կերպով օգտագործել եւ այդ աշխատանքներուն մէջ ներգրաւել նաեւ Հայաստանի դեսպանութիւնները:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ