By Asbarez | Thursday, 16 February 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - ՀՅԴ <<Սիմոն Վացեան>> կեդրոնին մէջ, Չորեքշաբթի, 15 Փետրուարին, Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները ներկայացուցին կուսակցութեան համամասնական եւ ռէյտինկային ցուցակները: Անոնք նաեւ ներկայացուցին խորհրդարանական ընտրութիւններուն գծով իրենց ծրագիրները:
ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ներկայացնելով կուսակցութեան ընտրական գործունէութեան հիմնական թիրախը՝ յայտնեց. <<Մենք արդէն քանի տարի է՝ երկրում արմատական փոփոխութիւններ իրականացնելու մի ամբողջական ծրագիր ենք իրականացնում, մի ամբողջական գործընթացի սկիզբ ենք դրել, եւ սա իր արդիւնքները պէտք է տայ կարեւորագոյն այս հանգրուանը յաղթահարելու պայմաններում: Ընտրութիւնները լինելու են այն գլխաւոր խթանը, որ կարողանանք մեր սկսածն իր աւարտին հասցնել>>:
Ռուստամեան շեշտեց, որ Հայաստանի մէջ կուտակուած դժգոհութիւնները յաւէրժ կը մնան, եթէ չվերացուին պատճառները:
<<Մենք այդ պատճառենրը վերացնելու ուղղութեամբ է, որ քայլեր ենք նախաձեռնել եւ վստահ ենք եղել, որ դրա հիմքում ընկած են համակարգային արատները, որոնք մինչեւ հիմա մեր երկրում պահպանուել են. անձինք են փոխուել, մարդիկ են փոխուել, իշխանութիւններ են փոխուել՝ իրենց անուններով, բայց իշխանութեան որակ չի փոխուել, եւ մենք, նոր սկիզբ ասելով, առաջին հերթին հասկանում ենք, ակնկալում ենք, որ դա պէտք է բերի նոր որակի իշխանութիւն, նոր որակի իշխանութիւնն է, որ կարող է լուծում տալ այս բոլոր կուտակուած խնդիրներին>>, շեշտած է Ռուստամեան:
ՀՅԴ ընտրական ցուցակը գլխաւորող Ռուստամեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը սկսած է գործընթացի մը, զոր պէտք է իր աւարտին հասցնել:
<<Դրա համար մենք պէտք է ունենանք այնպիսի ներկայութիւն Ազգային ժողովում, որ այս գործընթացները լինեն անխափան եւ նպատակային: Սա է ընդհանուր ծրագիրը, որը Դաշնակցութիւնը պէտք է իրականացնի, եւ մեր թիմը, որ ձեւաւորել ենք, պատկառելի թիմ է: Ամէն մէկի հետ առանձին այս խնդիրները քննարկել, խօսել ենք: Բոլորը տոգորուած են այս գաղափարներով եւ պէտք է գան մեր երկիրն այս ծրագրով առաջ տանելու>>, եզրափակեց Ռուստամեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ