Վիգէն Սարգսեան եւ Կարէն Թամազեան նշանակուեցան զինծառայողներու հատուցման հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներ

By Asbarez | Friday, 17 February 2017

 

0217himnatram

Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտպանելու ընթացքին զինծառայողներու կեանքին կամ առողջութեան պատճառուած վնասներու հատուցման հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ նշանակուեցան Վիգէն Սարգսեան եւ Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարի տեղակալ Կարէն Թամազեան:

Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար, նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան նշեց, որ <<Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտպանելու ընթացքին զինծառայողներու կեանքին կամ առողջութեան պատճառուած վնասներու հատուցման հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներ նշանակելու մասին>> կառավարութեան որոշման նախագիծին ընդունումը կապուած է Հայաստանը պաշտպանելու ընթացքին զինծառայողներու կեանքին կամ առողջութեան պատճառուած վնասներու հատուցման հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդ ձեւաւորելու անհրաժեշտութեան հետ: Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 24րդ յօդուածի 2րդ մասի առաջին կէտին համաձայն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը նշանակէ խորհուրդի ինն անդամներէն երեքը:

Մահուան կամ առաջին կարգի հաշմանդամութեան ձեռքբերման պարագային միանուագ պիտի փոխհատուցուի 10 միլիոն դրամ: Երկրորդ կարգի հաշմանդամութեան պարագային միանուագ՝ 5 միլիոն դրամ, այնուհետեւ պիտի ըլլան ամէնամսեայ վճարումներ: Մասնաւորապէս, սպայական անձնակազմի պարագային՝ մահուան կամ առաջին կարգի հաշմանդամութեան պարագային՝ պիտի փոխհատուցուի 300 հազար դրամ, երկրորդ կարգի հաշմանդամութեան պարագային՝ 200 հազար դրամ: Ենթասպայական անձնակազմին համար պիտի փոխհատուցուի համապատասխանաբար 250 հազար եւ 150 հազար, շարքային անձնակազմին համար, համապատասխանաբար 200 հազար դրամ եւ 100 հազար դրամ: Բոլոր այս պարագաներուն, եթէ զինծառայողը ունի երեք կամ աւելի երեխայ, ամսական պիտի վճարուի եւս 100 հազար դրամ:

Նիւթական միջոցները պիտի ձեւաւորուին իւրաքանչիւր աշխատող անձի կողմէ ամսական 1000 դրամ վճարումներէն, յատուկ այդ նպատակով թողարկուող արժէթուղթերու վաճառքէն, յատուկ այդ նպատակով ստացուած դրամաշնորհներէն եւ նուիրատուութիւններէն, ինչպէս նաեւ վերը նշուած աղբիւրներէն հաւաքագրուած միջոցներու կառավարման (ներդրման) իբրեւ արդիւնք ստացուող եկամուտներէն:

 



comments