ՀԱԿ - ՀԺԿ ցուցակը պիտի գլխաւորէ Լեւոն Տէր Պետրոսեան

By Asbarez | Friday, 17 February 2017

C

<<Հայ Ազգային Կոնգրես - Հայաստանի ժողովրդական կուսակցութիւն>> դաշինքի ընտրական ցուցակը ապրիլեան ընտրութիւններուն պիտի գլխաւորէ ՀԱԿի առաջնորդ, Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան:

Այսօր հրաւիրուած ասուլիսի մը ընթացքին ՀԱԿի անդամ Լեւոն Զուրաբեան ներկայացուց իրենց թեկնածուներու անունները: Ան նշեց, որ համամասնական ցուցակին մէջ ընդգրկուած է 141 հոգի:

Համամասնական ցուցակի առաջին տասնեակի անունները.

  1. Լեւոն Տէր Պետրոսեան՝ ՀԱԿի առաջնորդ, ՀՀ առաջին նախագահ
  2. Ստեփան Դեմիրճեան՝ ՀԺԿի նախագահ
  3. Լեւոն Զուրաբեան՝ ԱԺ ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար
  4. Զոյա Թադեւոսեան՝ տնտեսագէտ,
  5. Արամ Մանուկեան՝ ԱԺ ՀԱԿ խմբակցութեան քարտուղար
  6. Գագիկ æհանգիրեան՝ ԱԺ ՀԱԿ խմբակցութեան անդամ, նախկին զինդատախազ
  7. Վահագն Խաչատրեան՝ Երեւանի նախկին քաղաքապետ, տնտեսագէտ
  8. Լիդա Մելիքեան՝ ՀԱԿի Արաբկիրի կառոյցի ղեկավար
  9. Դաւիթ Մաթեւոսեան՝ նախկին պատգամաւոր, ազատամարտիկ
  10. Ստեփան Մինասեան՝ ՀԺԿի անդամ:

 



comments