Յարգանքի տուրք` Փետրուարեան Ապստամբութեան հերոսներու յիշատակին

By Aztag Daily | Wednesday, 22 February 2017



Փետրուարեան ապստամբութեան ժամանակ պոլշեւիկներու կողմէ  կացինահարուած եւ սպաննուած` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ականաւոր գործիչներու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին մօտ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ներկայացուցիչներու կողմէ շաբաթ, 18 փետրուարին յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ` անարդարութեան դէմ պայքար մղած հերոսներու  յիշատակին:

Սովորութեան համաձայն, յիշատակի ձեռնարկին նոյն օրը Փետրուարեան ապստամբութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին մօտ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն, եւ ՀՅԴ-ի շարքերը համալրուեցան նորագիրներով:

comments