Արցախը եւ ազատագրուած տարածքները մեզի համար զարգացման հնարաւորութիւն են, ոչ թէ՝ բեռ. Արմէն Ռուստամեան

By Asbarez | Wednesday, 22 February 2017



ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>> - Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, <<Թերթ>>ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադառնալով Արցախի հակամարտութեան վերաբերեալ ՀՅԴի դիրքորոշման՝ նշած է, որ իրենք երկրի զարգացումը չեն փորձեր կապել Արցախի հետ:

<<Յայտնի թէզ կայ, որ քանի որ դեռ Արցախի հարցը չէ լուծուած, Սերգօ՛ ջան, լաւ չես ապրիր, բնականաբար մենք ատոր բացարձակ հակառակ դիրքերէն կը նայինք: Մեզի համար զարգացման հնարաւորութիւն են, ոչ է բեռ են Արցախը եւ ազատագրուած տարածքները, որոնցմէ պէտք է ազատուիլ: Ատոր համար մեր կարգախօսն է, որ Հայաստանը պէտք է զարգանայ առանց ազգային շահերը զիջելու>>, ըսած է ան:

Ան ըսած է, որ Արցախի հարցի բանակցային գործընթացին հետ կապուած յստակ ըսած են, որ պէտք է պաշտպանել այն, ինչը Արցախի ժողովուրդը իր Սահմանադրութեամբ փաստած է:

Ինչ կը վերաբերի այն հարցումին, թէ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման հարցով ՀՅԴի մօտեցումները որոշ առումով կը տարբերի՞ն այսօրուան իշխանութեան դիրքորոշումներէն՝ Արմէն Ռուստամեան պատասխանած է. <<Ղարաբաղի ժողովուրդին մօտեցումը մեզի համար ուղղորդող մօտեցում է: Քանի որ դեռ Ղարաբաղի անկախութիւնը չէ ճանչցուած, Ղարաբաղի տարածքային ամբողջականութիւնը չէ վերականգնուած, խօսիլ որեւէ զիջման մասին անիմաստ է. վե՛րջ: Փոխզիջումը այդտեղէն կը սկսի. կարգավիճակ տարածքներու դիմաց հասկացութիւնը, որ գլխիվայր շրջած են, պէտք է վերականգնի, եւ ըստ էութեան այսօրուան իշխանութիւնները ատիկա կը փոձեն վերականգնել: Այսինքն՝ սկիզբը կարգավիճակ, ապա տարածքներու մասին խօսակցութիւն: Մինչեւ հիմա եղած է հակառակը, որ մեզի համար անընդունելի է>>:

Ան նշած է, որ չեն խօսիր որեւէ զիջման մասին, որովհետեւ դեռ Ղարաբաղի անկախութիւնը Ատրպէյճանը չէ ճանչցած: Ա. Ռուստամեան նկատեց, որ Ատրպէյճան պատրաստ չէ որեւէ ձեւով հարցը կարգաւորելու խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով:

<<Անիկա կը հասկնայ, որ ապացոյցներ չունի բանակցային սեղանին ներկայացնելու, միակ փաստարկը ուժով հարցը լուծելն է, սա է իր մօտեցումը: Ատրպէյճանին ձեռնտու չէ հրադադարի պահպանումը, ատոր համար բոլոր այն մեքանիզմները, որոնք կոչուած են ատիկա փաստելու, ան կը մերժէ: Այսինքն՝ անիկա ցոյց չի տար, որ պատրաստ է խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով հարցը կարգաւորել>>, ըսաւ  Ռուստամեան եւ նշեց, որ Ատրպէյճան չի կատարեր նաեւ Մինսկի խումբի պահանջները:

Ըստ անոր՝ Մինսկի խումբի արձագանգը համարժէք չէ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն եւ կը գտնէ, որ պէտք է աւելի հասցէաւորուած՝ յստակ ըսուի, որ Ատրպէյճան չի կատարեր իր պարտաւորութիւնները:

 

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement